Վերջին շաբաթներու ընթացքին որեւէ սահմանային միջադէպ չկայ արձանագրուած: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը։
Լրագրողները հետաքրքրուեցան՝ չեն կրակա՞ծ, թէ՞ առաջ չեն եկած, Ղուկասեանը կարճ արձագանգած է՝ «Չի եղել այնպիսի միջադէպ, որը հասարակութեանը յայտնի չէ»:
Ան ըսած է, որ երկու կողմէն ալ մերթընդմերթ ճարտարապետական աշխատանքներ կ'իրականացուին:
Ռոպերթ Ղուկասեանի խօսքով՝ Տեղ համայնքին մէջ որոշ հատուածներու մէջ ատրպէյճանցիները ետ գացած են: Սակայն, մարզպետը չէ յստակեցուցած, թէ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ճիշդ որ տեղերէն եւ քանի մեթր հեռացած են:
Իսկ հարցին, թէ ինչ պէտք է ընեն Տեղ գիւղի այն բնակիչները, որոնք կորսնցուցած են իրենց վարելահողերը՝ մարզպետը պատասխանեց․
«Այն տարածքները, որտեղ այսօր գիւղացին չի կարող մուտք գործել, այս տարուայ չիրացուած եկամտի համար կը ստանայ աջակցութիւն։ Վստահ եմ, որ Ադրբեջանը պէտք է ետ գնայ այնտեղ, որտեղից որ առաջ է եկել»: