Այլեւս ոչ թէ կը նշմարուի, այլ հեռուէ հեռու ակնյայտ կ'երեւի Ատրպէյճան անունով արհեստածին պետութեան իրական վիճակը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է փորձագէտ Կարէն Յովհաննիսեանը:
Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Խուճապը Ատրպէյճանի մէջ հասած է ահռելի չափերու։ Ատրպէյճանի մէջ կը խօսին, որ հայերը պէտք է գրաւեն Կեանճան, որ Ալիեւը վաճառած է Կեանճան։
Աննկարագրելի է այն խուճապային տրամադրութիւնները, որոնք առկայ են այդ արհեստածին երկրի թիկունքին: Տղամարդիկ կը թաքնուին զօրահաւաքէն, շատ պարագաներու երեւցող մարդոց մատնացոյց կ'ընեն եւ տեղի կ'ունենան ներքին բախումներ։ Այս շիկացած մթնոլորտը վերջ ի վերջոյ պիտի բերէ հզօր պայթումի։
Ի դէպ, տղամարդիկ փախած են սարեր եւ անտառներ, թաքնուած զօրահաւաքէն, իսկ զօրակոչի ծառայութենէն տուներ գացողներու կանայք կը պատասխանեն, որ իրենց ամուսինները եւ որդիները կամաւոր գացած են եւ լուր չունին իրենցմէ արդէն երկու շաբաթ։
Մէկ խօսքով, մեր ամէն մէկ հարուածի ալիք աւելի կը խարխլէ այդ արհեստածին պետութեան հիմքերը»: