image

«Ֆրանսան Հայաստանը նոր պատերազմի կը դրդէ». Ատրպէյճանցի գործիչ

«Ֆրանսան Հայաստանը նոր պատերազմի կը դրդէ». Ատրպէյճանցի  գործիչ

«Ֆրանսան Հայաստանը նոր պատերազմի կը դրդէ», մարտ 28-ին յայտարարած է Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նակիեւը։

«Ֆրանսան երեսուն տարի մեր տարածքները բռնազաւթած Հայաստանին սպառազինութիւն մատակարարելով եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելով՝ վրէժխնդրական տրամադրութիւններ կ՚արթնացնէ [Հայաստանի մէջ], անոր նոր պատերազմի կը դրդէ եւ նորէն կը ձգտի Հարաւային Կովկասը պատերազմական թատերաբեմի վերածել», –ըսած է Նակիեւը։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեայի կարծիքով՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը կ՚անհանգստացնէ շարք մը արեւմտեան երկիրներ, որոնց նպատակները մեր տարածաշրջանին մէջ ոչ այնքան խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովումն են, որքան երկու երկիրներու [Հայաստան-Ատրպէյճան] սահմանին «դիտորդական առաքելութեան» անուան տակ գործունէութեան ծաւալումը»։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեան այդ ծիրէն ներս մասնաւորապէս թիրախաւորած է Ֆրանսան, որ, ըստ անոր, «իրականութեան մէջ երկար տարիներ միակողամանիօրէն կը սատարէ Հայաստանին եւ անոր համակողմանի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ»։

Պաքուն Փարիզը մեղադրած է նաեւ լրտեսական ցանցեր ստեղծելու մէջ՝ Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան վնասելու նպատակով։

Մարտ 27-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուաշինկթընը եւ Պրիւքսէլը մեղադրած է «հայամէտ» դիրքորոշման համար՝ նշելով, որ «եթէ Հայաստանը որեւէ ապակայունացնող քայլի դիմէ, Եւրոմիութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պիտի կիսեն պատասխանատւութիւնը»։