image

Ատրպէյճանցի գործիչը կը յոխորտայ. «Զանգեզուրի միջանցք»ը միջին միջանցքի մասնիկ է»

Ատրպէյճանցի գործիչը կը յոխորտայ. «Զանգեզուրի միջանցք»ը միջին միջանցքի մասնիկ է»

«Զանգեզուրի միջանցք»ը Միջին միջանցքի բաղկացուցիչ մասն է։ Ինչպէս տեղեկացուցած է APA-ն, այս մասին Ատրպէյճանի թուային զարգացման եւ փոխադրութեան նախարար Ռաշատ Նապիեւն ըսած է «Մեծ եւրասիական աշխարհաքաղաքականութեան ձեւաւորումը. անցեալէն դէպի ներկայ եւ ապագայ»  միջազգային համաժողովին։

«Եւրոպացի գործընկերները լաւ գիտեն, որ Միջին միջանցքը կ'օգտագործուի ոչ միայն ճգնաժամերու համար։ Վերջին 10 տարուան մէջ մենք չենք յաջողած երկիրները համոզել, որ միջանցքը շատ կարեւոր է։ Ցաւօք, այդ միջանցքի նշանակութիւնը մեծցած է միայն հակամարտութեան պատճառով»,-ըսած է Նապիեւը։

«Այժմ Միջին միջանցքի նշանակութիւնը շատ աւելի մեծցած է։ Եւս մէկ կարեւոր նախագիծ է Զանգեզուրի միջանցքը։ Ատրպէյճանի տարածքներու ազատագրումէն ետք միջանցքի 70 տոկոսը կառուցուած է մեր տարածքին մէջ։ Սակայն շարք մը այլ գործընկերներ լիովին չեն հասկնար այդ միջանցքի կարեւորութիւնը եւ այն փաստը, որ այն Միջին միջանցքի բաղկացուցիչ մասն է, կը խանգարեն ատոր աւարտման, կը ստեղծեն խոչընդոտներ։ Յոյս ունինք, որ եւրոպացի գործընկերներու, Արեւմուտքի գործընկերներու հետ մենք պիտի կարողանանք համոզել բոլոր կողմերը այդ միջանցքի կարեւորութեան մասին։ Յոյս ունիմ, որ այդ միջանցքը շուտով պիտի ստեղծուի»,- աւելցուցած է Ռաշատ Նապիեւը։

Յիշեցնենք, որ սկիզբը Միջին միջանցքի երթուղին, որ Եւրոպան կը կապէր Միջին Ասիոյ հետ, կ'ենթադրուէր Վրաստանով։ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի 44-օրեայ յարձակումէն ետք Անգարայի եւ Պաքուի ախորժակը բացուած է՝ տարածուելով Սիւնիքի մարզի վրայ։ Այստեղով է, որ թուրք-ատրպէյճնական դաշինքի մտայղացմամբ, պիտի անցնի Միջին միջանցքի երթուղին։ Ընդ որում՝ Վրաստանը, այսպիսով, դուրս կը մնայ նախագիծէն։