image

Ատրպէյճանական հերթական կրակ Թաղավարդի տուներուն վրայ

Ատրպէյճանական հերթական կրակ Թաղավարդի տուներուն վրայ

Փետրուար 18-ին, ժամը 17:00-ի սահմաններուն, Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ համայնքի հարեւանութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքէն թիրախաւորուած ու հրազէնային կրակոցներ արձակուած են յիշեալ համայնքի բնակելի տուներուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով արձակուած գնդակները վնասսծ են տուներու պատերուն արտաքին մասերը, իսկ գնդակներէն մէկը խոցած է բնակիչներէն մէկուն բնակարանին պատուհանը եւ թափանցած է ներս:

Դէպքէն անմիջապէս յետոյ հետաքննութեան մարմինի աշխատակիցները մեկնած են Թաղավարդ համայնք եւ փաստագրած են յանցագործութեան հետեւանքները եւ ամրագրած են ապացոյցները:

Դէպքին մասին դատախազութէան կ'ողմէ հաղորդուած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին մէջ ընգգրկուած դատախազին, ինչպէս նաեւ փոխանցուած են դէպքին նախնական ապացոյցները: