8 Սեպտեմբերին՝ ժամը 02:30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածուած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսյեանը։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը լռեցուած է:
Հայկական կողմէն կորուստներ չկան: