Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ կոչ ընելով իր քաղաքացիներուն առանց հրատապ անհրաժեշտութեան չայցելելու Իրան:
Ըստ ԱԳՆ յայտարարութեան՝ նման յորդորը կապուած է ընթացիկ տարուան յունուարին Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ իրականացուած յարձակման հետ, որու պատճառով սահմանափակուած էր Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատանքը։
«Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն խստօրէն խորհուրդ չի տրուիր առանց անհրաժեշտութեան այցելել Իրան, իսկ այդ երկիր մուտք գործողներուն կոչ կ'ընենք զգօն ըլլալու։
Ներկայ պահուն Իրանի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի քաղաքացիները պարտաւոր են պահպանել անվտանգութեան կանոնները»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։