Ատրպէյճանը իւրացուցած է վրացական «Դաւիթ Գարեջի» վանական համալիրը:
Ատրպէյճանի Մշակոյթի նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանման, զարգացման եւ վերականգնման պետական ծառայութիւնը տեղեկութիւն տարածած է, որ աւարտած են համալիրի տարածք տանող ասֆալթապատուած ճանապարհի սկզբնամասին մէջ տեղեկատուական վահանակի տեղադրման աշխատանքները:
Յիշեցնենք, որ արդէն մի քանի տարիէ Ատրպէյճանը ծածուկ կ'իւրացնէ սահմանին գտնուող պատմական յուշարձանը` չնայած Թիֆլիսի զայրալից յայտարարութիւններուն: Ատրպէյճանի մէջ «Դաւիթ Գարեջի»-ն վերանուանած են «Քեշիկջիտաղ» եւ, ինչպէս հայկական յուշարձաններու պարագային, զայն կը ներկայացնեն որպէս «աղուանական»: