image

Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կ՚ընդլայնեն ռազմական ոլորտի համագործակցութիւնը

Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կ՚ընդլայնեն ռազմական ոլորտի համագործակցութիւնը

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, Զինուած ուժերու ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Հիքմէթ Միրզոեւ հանդիպած է Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, բանակի զօրավար Մեթին Կիւրաքի հետ։ Տեղեկութիւնը յայտնած են տեղական լրատուամիջոցները:

Կողմերը յայտարարած են պաշտպանական ոլորտին մէջ համատեղ գործողութիւններու հետագայ ընդլայնման մասին։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները գրած են, որ Միրզոեւ գոհ մնացած է այցէն։ Տեղի ունեցած է միտքերու հանգամանալից փոխանակում ռազմական, ռազմասարքաւորումներու, ռազմակրթական եւ այլ ոլորտներու համագործակցութեան հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

Աւելի վաղ Միրզոեւ ընդունուած էր Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի կողմէ, հանդիպման մասնակցած էր Թուրքիոյ ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զօրավար Սելճուք Պայրաքթարօղլուն: