image

Աթէնքի մէջ. Ող­ջեր­թ ի պատիւ նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին

Աթէնքի մէջ. Ող­ջեր­թ ի պատիւ նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին

Օրերս, Յունաստանի Հայոց թեմի Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ ­­­Գո­քի­նիոյ «­­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ող­ջեր­թի ճաշ­կե­րոյթ մը՝ ի պա­տիւ Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայոց  թե­մի առաջ­նորդ Գե­ղամ արք. ­­­Խա­չե­րեա­նին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Չո­րեք­շաբ­թի, 31 ­­­Յու­լիսի ե­րե­կո­յեան, Յունաստանի Հայոց թեմի Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ ­­­Գո­քի­նիոյ «­­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ող­ջեր­թի ճաշ­կե­րոյթ մը՝ ի պա­տիւ Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայոց  թե­մի առաջ­նորդ Գե­ղամ արք. ­­­Խա­չե­րեա­նին։

­­Ներ­կայ էին ­­­Մե­ծի ­­­Տանն ­­­Կի­լի­կիոյ ­­­կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազգային ­­Կեդրոնական վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն ­­­Տէ­րեան, ­­­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Վի­գէն ­­­Չո­լա­քեան, Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ու Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը, ՀՅԴ ­­Կեդրոնական կո­մի­տէի, ­­­Հայ ­­­Կա­պոյտ ­­­Խա­չի, ­­­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ ՀՄԸՄի Շրջանային ­վար­չու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ եւ թե­մա­կան ե­րես­փո­խան­ներ։

Գե­ղամ արք. ­­­Խա­չե­րեան օրհ­նեց սե­ղա­նը, ա­պա, ճաշ­կե­րոյ­թին ըն­թաց­քին, խօսք առ­նե­լով՝ բա­ցատ­րեց Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայոց ­թե­մի Աառաջ­նորդ ընտ­րուե­լու պայ­ման­ները եւ գոր­ծըն­թա­ցը։ Ա­պա ան ի սրտէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­­­Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց ­թե­մի ան­ցեա­լի իր գոր­ծա­կից կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, ո­րոնք իր ա­ռաջ­նոր­դու­թեան եօ­թը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, փո­խա­դարձ յար­գան­քի եւ սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան հի­ման վրայ միաս­նա­բար յա­ռա­ջա­ցու­ցին գա­ղու­թի աշ­խա­տանք­նե­րը։

Սր­բա­զանը դար­ձեալ շեշ­տեց, հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին, ­յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­րե­ւո­րու­թիւնը եւ իր մօտ թո­ղած յա­տուկ տպա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ան նա­խա­պէս տա­սը տա­րի­ներ՝ իբրեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ ծա­ռա­յած էր նաեւ ­­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին։ Այնուհետեւ ան հա­կիրճ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի  Հայոց թե­մի կա­ռոյց­նե­րուն, աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին։

Ա­պա խօսք ա­ռին ­վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­­­Յո­վա­կի­մեան եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Պա­րէտ քհնյ. ­­­Խա­չե­րեան։ Ա­նոնք գնա­հա­տե­ցին ­­­Գե­ղամ արք. ­­­Խա­չե­րեա­նի գա­ղու­թին մէջ ա­ռաջ­նոր­դա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ անոնք յա­նուն Յու­նա­հա­յոց ­թե­մի նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նորդ Սա­հակ Ծ. վրդ. Ե­մի­շեա­նին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վին քա­ջա­ռող­ջու­թիւն ու բե­ղուն ծա­ռա­յու­թիւն մաղ­թե­ցին ա­նոր։

Գ­նա­հա­տան­քի ու ն­նոր յա­ջո­ղու­թեան բա­րե­մաղ­թա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ ՀՅԴ ­­Կեդրոնական ­կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­ռիփ­սի­մէ ­­­Յա­րու­թիւ­նեան, ­­­Հայ ­­­Կա­պոյտ ­­­Խա­չի Շրջանային ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­­Լի­զա Ա­ւա­գեան, ­թե­մի Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Ա­րա ­­­Ման­կո­յեան եւ տոքթ. Ար­մէն ­­­Տէ­րեան։

­­­Պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թին ա­ւար­տին, Ազ­գա­յին ­վար­չու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ յու­շա­նո­ւէր մը յանձ­նեց ­­­Գե­ղամ արք. ­­­Խա­չե­րեա­նին։