image

Աթաթուրքի համար աղօթք խնդրած են. Բայց մերժուած է

Աթաթուրքի համար աղօթք խնդրած են. Բայց մերժուած է

Սթամպուլի նահանգապետարանը մերժած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի մահուան օրը՝ Նոյեմբեր 10-ին, մզկիթի վերածուած Սուրբ Սոֆիա տաճարին մէջ անոր համար աղօթք կարդալու դիմում-առաջարկը, որ Նոյեմբեր 2-ին նահանգապետարան ներկայացուցծա էր «Անկախ Թուրքիա» կուսակցութիւնը։

Այս որոշումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է թրքական կուսակցութեան ղեկավար Հիւսէյին Պաշի մօտ։ Ան Թուիթըրի մէջ գրառում կատարած է ՝ բողոքելով, թէ ««Այասոֆիան» բացուած է ոչ թէ երկրպագութեան, այլ՝ քաղաքականութեան համար»։

Յիշեցնենք, որ 2020 թուականին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը չեղեալ յայտարարած է Սուրբ Սոֆիան թանգարանի վերածելու մասին 1935 թուականին Քեմալի կայացուցած որոշումը, որուն որպէս հետեւանք Սուրբ Սոֆիան վերաբացուած է եւ այժմ կը գործէ որպէս մզկիթ։