image

Ասպետ Քոչիկեան. «ISIS Չի Սպառնար Հայաստանին»

Ասպետ Քոչիկեան. «ISIS Չի  Սպառնար   Հայաստանին»

«ISIS  Վտանգ  չի   ներկայացներ   Հայաստանի համար». այսօր «Արեւելք»ին   յայտնեց     քաղաքագէտ՝ Ասպետ Քոչիկեան: Քոչիկեան անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ անցնող օրերուն շթղազերծուած զինուորական գործողութիւններուն   ըսաւ «Թուրքիոյ սկսած յարձակումները     ISIS-ի եւ   PKK-ի դէմ  քանի  մը  դրդապատճառներ ունին եւ    այդ պատճառներուն հիմնականը Սուրուճի մէջ  տեղի ունեցած  պայթումն էր:    Այդ պայթումը    Թուրքիոյ հանրային  կարծիքը  մղեց   ISIS-ի դէմ հանդէս   գալու:  Ատկէ ետք է, որ  թրքական ուժեր սկսան  զինուորական գործղողութիւններու   ձեռնարկել: Այստեղ  տեղին է նշել, որ հակառակ անոր  որ ԱՄՆ   զգուշացուցած  էր Թուրքիան  հեռու մնալ PKK-ի  դիրքերը    հարուածելէ թրքական    իշխանութիւնները անտեսեցին այդ մէկը եւ      միաժամանակ հարուածեցին   ISIS-ի  եւ PKK-ի   դիրքերը:»  Պատասխանաելով  մեր հարցումին , թէ ինչ  քաղաքական հետեւանքներ կրնան ունենալ այս դէպքերը Թուրքիոյ  քաղաքական կեանքին վրայ Քոչիկեան ըսաւ .  «վերջին ընտրութիւններուն ինչպէս գիտէք     իշխող AKP   կուսակցութիւնը  չյաջողեցաւ   բացարձակ մեծամասնութիւն կազմել  եւ  ենթադրութիւններ կան, որ այս գործողութիւնները  կը շահարկուին իշխանութեան  կողմէ    յառաջիկայ   արտակարգ ընտրութիւններուն    խորհրդարանի մէջ   իրենց դիրքերը ամրապնդելու համար: Կարճ ըսած  AKP       պիտի փորձէ ամէն գնով   օգտագործել  այս   գործողութիւնները երկրին մէջ իր վարկը բարձրացնելու համար: Խօսելով   ISIS -ի Հայաստանին սպառնալիք ըլլալուն վերաբերեալ    Քոչիկեան ըսաւ՝   «ISIS  ահաբեչական խմբաւորումը  կը սպառնայ, ոչ միայն Հայաստանին այլ ամբողջ  աշխարհին  բայց այս հանգրուանին  ան       Հայաստանին    ուղղակի     սպառնալիք չէ  պարզ անոր համար,  որ կարողութիւններ չունի: Իմ կարծիքով      ներկայ պահու դրութեամբ    ISIS-ի  թիրախներն են  Իրաքը, Սուրիան,   Լիբանանն ու Թուրքիան  եւ   ան   շատ հեռու է  Հայաստանին վտանգ  ներկայացնելէ»:   Քոչիկեան խօսելով  պոլսահայութեան    մասին նոյնպէս նկատել տուաւ, որ Պոլսահայ համայնքը որպէս միաւոր  կամ համայնք   ISIS- ի համար    ուղղակի թիրախ  մը չէ  սակայն    պոլսահայութիւնը կրնայ վնասներ կրել եթէ   ISIS  Պոլսոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ     կատարէ:»  Նշենք, որ  Քոչիկեան  ներկայիս  քաղաքագիտութեան  դասախօս է  ամերիկեան «Պըրքլի»  համալսարանին մէջ: