image

Աշոտեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ դպրոցի շէնք եւ տարածք սեփականաշնորհած են, ապա` օտարած. նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ

Աշոտեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ դպրոցի շէնք եւ տարածք սեփականաշնորհած են, ապա` օտարած. նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ

 ՀՀ քննչական կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է նոր քրէական վարոյթ «Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամէն ներս կատարուած առերեւոյթ «կոռուպցիոն» չարաշահումներուն առնչուող գործի շրջածիրէն ներս։ Յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէն։

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու հետ համատեղ իրականացուած միջոցառումներու շնորհիւ տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ 2011-2018 թուականներուն ՀՀ կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած Արման Սահակեանը, իր հետ ընկերական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Կարէն Աւագեանի հետ միասին, չարաշահելով պաշտօնէական դիրքը, դպրոցի շէնք եւ տարածք սեփականաշնորհած են, ապա՝ օտարած են։

«Վերջիններս իրենց հետ փոխկապակցուած անձանց, մասնաւորապէս` Արման Սահակեանի օգնականի, Արմէն Աշոտեանի վարորդի կնոջ եւ Կարէն Աւագեանի կնոջ անուամբ հիմնուած «Քիդս Քեը» ընկերութեան միջոցով 2015–ի ապրիլին 163 միլիոն 115 հազար 680 դրամ արժէքով ձեռք են բերել պետական գոյք հանդիսացող՝ Երեւան քաղաքի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ներսիսեան փողոցի թիւ 5 հասցէում գտնուող՝ 1063.25 քմ մակերեսով 2 առանձին մասնաշէնքերից եւ պարսպից բաղկացած անշարժ գոյք (դպրոց)։ Դրանից բացի, 32.498.320 դրամով ձեռք են բերել նաեւ սպասարկման համար անհրաժեշտ 0.303439 հա (աւելի քան 30 հազար քմ) հողատարածք»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պարզուած է նաեւ, որ Արման Սահակեանը եւ անոր օգնականը հետագային փոփոխութիւններ կատարած են սկզբնական կնքուած առուվաճառքի պայմանագրին մէջ՝ հանելով գոյքի գրաւադրուած ըլլալու մասը, որու հիման վրայ տրուած է անշարժ գոյքի սեփականութեան վկայական:

Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք վերոյիշեալ անձինք «Քիդս Քեը» ընկերութեան անուամբ գրանցուած վերը նշուած անշարժ գոյքը 2019–ի մայիսին կնքուած առուվաճառքի պայմանագրով 240.000.000 ՀՀ դրամով վաճառած են իրենց հետ փոխկապակցուած ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախկին փոխնախարար Հրանտ Բեգլարեանին պատկանող ընկերութեան:

Նոր քրէական վարոյթը նախաձեռնուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 441-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ եւ 4-րդ կէտերով (մի խումբ պաշտօնատար անձանց կողմից նախնական համաձայնութեամբ իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ դրանցով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը չարաշահելը կամ լիազօրութիւններն անցնելը, որն առաջացրել է առանձնապէս խոշոր չափերի գոյքային վնաս) եւ 442-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (մի խումբ պաշտօնատար անձանց կողմից նախնական համաձայնութեամբ ձեռնարկատիրական գործունէութեանն ապօրինի մասնակցելը)։

Վարոյթի նիւթերը ուղարկուած են ՀՀ դատախազութիւն` քննչական ենթակայութիւնը որոշելու նպատակով։