image

Աշխատող, արդիւնք ստեղծող քաղաքացին ՀՀ թիւ 1 հերոսն է․ Փաշինեան

Աշխատող, արդիւնք ստեղծող քաղաքացին ՀՀ թիւ 1 հերոսն է․ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դիմատետրեան էջին շնորհաւորական գրառում կատարած է 2025 թուականի առաջին աշխատանքային օրուան առիթով:

«Աշխատող, արդիւնք ստեղծող, օրէնքով սահմանուած հարկերը վճարող քաղաքացին Հայաստանի Հանրապետութեան թիւ 1 հերոսն է»,- գրած է ան:

Վարչապետը նաեւ տեսանիւթ հրապարակած է աշխատանքային առաջին օրուընէ՝ կից գրելով․

«Աշխատանքային տարին մեկնարկեց»։