Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտնած է, որ համավարակի ողջ ընթացքին աշխարհի մէջ արձանագրուած է վարակման 340 543 962 դէպք եւ մահուան՝ 5 570 163։ Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ։
Մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 3 472 227 մարդ, արձանագրուած է մահուան 9 184 դէպք։
Համավարակի ընթացքին առաւելագոյն ցուցանիշը արձանագրուած է 20 Յունուարին, երբ 24 ժամուայ մէջ յայտնաբերուած էր վարակման 3 933 319 դէպք։
Հիւանդացութեան մակարդակով առաջատարներն են՝
ԱՄՆ – 68 199 861
Հնդկաստան – 38 566 027
Պրազիլ – 23 416 748
Մեծ Բրիտանիա – 15 613 287
Ֆրանսա – 15 201 084։
Աւելի շատ մահուան դէպքեր արձանագրուած են հետեւեալ երկիրներու մէջ՝
ԱՄՆ – 852 334
Պրազիլ – 621 855
Հնդկաստան – 488 396
Ռուսաստան- 324 752
Մեքսիքա- 302 112։