image

Աշխարհի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը անցաւ 340 միլիոնը

Աշխարհի  մէջ  «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը  անցաւ 340 միլիոնը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտնած է, որ համավարակի ողջ ընթացքին աշխարհի մէջ արձանագրուած է վարակման 340 543 962 դէպք եւ մահուան՝ 5 570 163։ Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ։

Մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 3 472 227 մարդ, արձանագրուած է մահուան 9 184 դէպք։

Համավարակի ընթացքին առաւելագոյն ցուցանիշը արձանագրուած է 20 Յունուարին, երբ 24 ժամուայ մէջ յայտնաբերուած էր վարակման 3 933 319 դէպք։

Հիւանդացութեան մակարդակով առաջատարներն են՝

ԱՄՆ – 68 199 861

Հնդկաստան – 38 566 027

Պրազիլ – 23 416 748

Մեծ Բրիտանիա – 15 613 287

Ֆրանսա – 15 201 084։

 

Աւելի շատ մահուան դէպքեր արձանագրուած են հետեւեալ երկիրներու մէջ՝

ԱՄՆ – 852 334

Պրազիլ – 621 855

Հնդկաստան – 488 396

Ռուսաստան- 324 752

Մեքսիքա- 302 112։