image

Աշխարհի 70 հայ երիտասարդական կազմակերպութիւն միացաւ Դիմադրութեան շարժման

Աշխարհի 70 հայ երիտասարդական կազմակերպութիւն միացաւ Դիմադրութեան շարժման

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ստորեւ յայտարարութեամբ՝ Արցախի եւ Սփիւռքի աւելի քան 20 երկրի մէջ գործող երիտասարդական, ուսանողական, մարզական, եկեղեցական, հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, կը միանան Հայաստանի մէջ թափ առած դիմադրութեան շարժման:

Ստորագրահաւաքը կը շարունակուի, դիմադրութեան շարժման միացող կազմակերպութիւնները կրնան դիմել իրենց շրջանի ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններուն:

Հաշուի առնելով, հայկական պետութեան կործանման վտանգը ու Արցախի եւ Սիւնիքի կորուստը կասեցնելու հրամայականը՝ Հայ Երիտասարդութիւնը կը դիմէ համազգային դիմադրութեան, որ հետեւողական պայքարի շնորհիւ պիտի յառաջացնէ երկար սպասուած արժեհամակարգային յեղափոխութիւնը։

Նկատի ունենալով,

• թուրք-ազրպէյճանական բանթուրանական քաղաքականութիւնը, որ միտում ունի մէկընդմիշտ տարածաշրջանի քարտեզէն ջնջելու Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութիւնները,

• ՀՀ ապազգային, դաւադիր իշխանութիւններու ընթացքը, որ կ՝առաջնորդուի միակողմանի զիջումներով՝ կարծեցեալ խաղաղութեան հասնելու քաղաքականութեամբ,

• Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական փակուղին եւ այն իրականութիւնը, որ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմութեան ծաւալած գործունէութեան կողքին անհրաժեշտ է դիմել բազմաճակատ պայքարի՝

Հայ երիտասարդութիւնը որոշած է չյարմարիլ այս իրականութեան, այլ՝ մեկնարկել համազգային երիտասարդական դիմադրութեան շարժում՝ պայքարի հինգ հիմնական ճակատներով․

1. Ամէնուրէք թափ հաղորդել հակաթուրք եւ հակաազրպէյճանական պայքարին,

2. Գերտէրութիւններուն հասցնել այն պատգամը, որ իրենց ծրագրերը չեն կրնար իրականացնել Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-պետական շահերու հաշուին,

3. Կտրուկ քայլերով մերժել ՀՀ իշխանութիւնները պառակտող ու պետականակործան քաղաքականութիւնը,

4. Պայքարիլ Արցախը հայաթափելու, զայն ՀՀ-էն ու Սփիւռքէն անջատելու ազրպէյճանա-թրքական փորձերու եւ Սիւնիքէն արտագաղթի հոսանքին դէմ․

Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Կոչ կ՝ուղղենք բոլորիդ՝ միանալու այս շարժման այս ճակատագրական օրերուն, բոլորս՝ իրաւունք չունինք մատնուելու յանցաւոր անգործութեան։ Զարթօնքի եւ ազգային անկումը վերելքի վերածելու պահը հիմա՛ է:

Յայտարարութիւնը ստորագրող կազմակերպութիւններ:

• «Միացեալ Հայաստան» ԵՀԿ Արցախ

• ԱԺԿ Երիտասարդական թեւ Արցախ

• ՀՅԴ Արցախի «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութիւն Արցախ

• ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւն Արցախ

• «Արդարութիւն» կուսակցութեան երիտ. Պատասխանատու Արցախ

• «Ապառաժ երիտասարդական միութիւն» ՀԿ Արցախ

• Հաւասար հնարաւորութիւն ՀԿ Արցախ

• «Դէպի Արարատ» կրթական մշակութային միութեան երիտասարդական գրասենեակ Ռուսիա

• Երիտասարդ քաղաքագէտներու Հայկական Ասոցիացիա Ռուսիա

• ՀՄԸՄ Ռուսիա Ռուսիա

• ՀՅԴ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւն Սուրիա

• ՀՅԴ Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւն Սուրիա

• Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն Սուրիա

• ՀՄԸՄ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն Սուրիա

• Հայ Երիտասարդաց Միութիւն Սուրիա

• Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութիւն Սուրիա

• Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւոր (Նոր Ջուղայի Հայ Մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւոր) The Scout unit of «Ararat» cultural and sports Union of Nor Jugha Իրան

• Հ.Յ.Դ «Ռուբէն» Երիտ. Միութիւն The Armenian Revelutionary Federation’s «Rouben» Youth Union Իրան

• ՀՅԴ Ռոստոմ երիտասարդական միութիւն – Ayf tehran Իրան

• ՀՅԴ Յովնան Դաւթեան Ուսանողական միութիւն Իրան

• ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն – Zavarian Student Association Լիբանան

• ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն -LEM Լիբանան

• Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Lebanese Armenian Heritage Club Լիբանան

• Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Պէյրութ․ Armenian Club – Lebanese American University – Beirut Լիբանան

• Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Ժպէյլ․ Armenian Club – Lebanese American University – Jbeil Լիբանան

• «Սէն Ժոզէֆ» Համալսարանի Լիբանանահայ Ուսանողներ – Lebanese Armenian Students of Saint Joseph University Լիբանան

• Լիբանանի Միջազգային Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Lebanese International University Armenian Club Լիբանան

• Լիբանանի Պետական Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Lebanese University Armenian Club Լիբանան

• «Նօթր Տամ» Համալսարանի Հայկական Ակումբ -Lebanese Armenian Club – Notre Dame University Լիբանան

• Հայկազեան Համալսարանի Լիբանանահայ Ուսանողներ – Lebanese Armenian Students of Haigazian University Լիբանան

• Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան – ԵՌԱԿ Մ. – Armenian Democratic Liberal Party Youth Union Լիբանան

• Փորթուկալեան Երիտասարդական Ուսանողական Ակումբ – Portugalian Youth & Students’ Club Լիբանան

• ՀՄԸՄի Լիբանանի Սկաուտներ – Scouts of Homenetmen Lebanon Լիբանան

• Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն – Armenian Church University Students’ Association Լիբանան

• ՀԲԸՄ- Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն – AGBU-Armenian Youth Association Լիբանան

• ՀՅԴ Քուէյթի Քրիստափոր Երիտասարդական Միութիւն Քուէյթ

• Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղ Քուէյթ

• Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմ Քուէյթ

• ՀՅԴ Հոլանտայի Երիտասարդական Միութիւն Հոլանտա

• ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւն Յունաստան

• ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութիւն Կիպրոս

• Րաֆֆի Հայ Մշակութային Միութիւն – Raffi armenisk kulturförening Շուէտ

• Արարատ Հայկական Միութիւն – Ararat Armeniska föreningen Շուէտ

• Թրօլհետտանի հայկական մշակութային միութիւն Շուէտ

• ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդական Միութիւն Շուէտ

• ՀՄԸՄ Շուէտ – HMEM Sweeden Շուէտ

• ՀՅԴ Լոնտոնի Խանասոր Երիտասարդական Միութիւն – AYF London Khamasor Անգլիա

• Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան Համալսարանի Հայկական Ընկերութիւն – London school of economics Armenian Society Անգլիա

• ՀՄԸՄ Լոնտոն – HMEM London Անգլիա

• ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւն Ֆրանսա

• ՀՅԴ Պելճիքայի Երիտասարդական Միութիւն Պելճիքա

• Եորքի Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Միութիւն -Armenian Student Association – York University Գանատա

• Մոնթրէալի Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Միութիւն – Association des Étudiants Arméniens de l’Université de Montréal Գանատա

• Գոնգորտիայի Հայ Ուսանողական Միութիւն -Concordia Armenian Students’ Union Գանատա

• Հ.Մ.Ը.Մ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն Գանատա

• Համազգային Գանատա – Hamazkayin Canada Գանատա

• ՀՅԴ Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւն – Armen Karo Student Association Գանատա

• ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն Գանատա

• ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն ԱՄՆ

• ՀՄԸՄ ԱՄՆ Արեւելեան ԱՄՆ

• ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն ԱՄՆ

• ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութիւն ԱՄՆ

• Չեփմընի Հայ Ուսանողներու Միութիւն – Chapman Armenian Student Association ԱՄՆ

• Քալիֆորնիոյ Պետական Համալսարանի Լոնկ Պիչի Հայ Ուսանողներու Միութիւն – California State University

Long Beach Armenian Student Association ԱՄՆ

• Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Հարաւային Ամերիկա

• Հարաւային Ամերիկայի ՀՄԸՄ Շրջանային Վարչութիւն Հարաւային Ամերիկա

• ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն Աւստրալիա