Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ իւրաքանչիւր գիշեր, իր ինքնաշարժով ու նախագահական պահակազօրի հրամանատարին ուղեկցութեամբ կը շրջի Դամասկոսի թաղերը, մօտէն հետեւելու համար քաղաքի անվտանգութեան ու խաղաղութեան: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Նշուած է, որ Ասատ հրամայած է աջակցութիւն ցուցաբերել այն խանութներուն, որոնք գիշերուան ժամերուն կը գործեն:
Նախագահի պարբերական շրջագայութիւնը մայրաքաղաքի տարբեր թաղերուն մէջ ապահովութեան զգացում առաջացուցած է քաղաքի բնակչութեան, ինչպս նաեւ խանութներու եւ ճաշարաններու տէրերուն մօտ, որոնք առաւել վստահ կերպով սկսած են գործել մինչեւ ուշ գիշեր: