image

«Մեզի երկաթեայ վանդակներու մէջ դրին եւ ժամերով շրջեցան Տումայի թաղերուն մէջ». Սուրիոյ բանակի սպան պատմեց իր ապրած ոդիսականին մասին

«Մեզի երկաթեայ վանդակներու մէջ դրին եւ ժամերով շրջեցան Տումայի թաղերուն մէջ». Սուրիոյ բանակի սպան պատմեց իր ապրած ոդիսականին մասին

Սուրիացի գնդապետ Մաաին Այեուպ, որ գերի ինալով, հինգ տարի Տումայի մէջ «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի բանտերուն մէջ տարբեր տեսակի խոշտանգումներու եւ ճնշումներու ենթարկուած էր, այդ մասին  տուած   է  իր վկայութիւնները:

Ինչպէս կը պատմէ գնտապետը, ան տեղափոխուած է տարբեր բանտեր, որոնցմէ «Ալ-Սերմիք»ը եւ «Ալ-Քահըֆ»ը, եղած է այն անձերու շարքին որոնք երկաթեայ վանդակներու մէջ դրուելով շրջած են Տումայի փողոցներով, երկար ժամեր ստիպուած է տաժանակիր աշխատանք տանիլ եւ գետնուղիներ փորել եւ այս բոլորը սպանութեան սպառնալիքի տակ:

Սուրիացի գնդապետը խօսելով «Սփութնիք» - ի լրագրողին, խօսքը ուղղած է զինեալներուն ըսելով, որ հակառակ իր կրած տանջանքներուն, ինք այսօր ատելութիւն չունի իր սրտին մէջ անոնց հանդէպ. ան  ճաշակած է  ամէն տեսակի չարչարանքներ եւ վիրաւորանք, սուրիաան բանակի սպայ ըլլալուն համար, սակայն զինեալներու պատիժի հատուցումը կը թողու աստծուն: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ պատերազմը վերջ կը գտնէ եւ մնացած զինեալները  դասեր կը քաղեն, յատկապէս  հասկնալէ ետք, որ  թէ  Սուրիոյ  պատերազմը հրահրող   արեւմտեան  պետութիւնները ինչ նենգ նպատակներ կը հետապնդէին: