image

Պարոնեանի «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ»՝ թրքերէն նոր հրատարակութիւնը

Պարոնեանի «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ»՝ թրքերէն նոր հրատարակութիւնը

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է պոլսահայ գրող-երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի յայտնի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» շարքի թրքերէն թարգմանութեան վերահրատարակութիւնը, «Ջան» հրատարակչատան կողմէ:

ինչպէս յայտնի է` Պարոնեան գիրքին մէջ կը նկարագրէ 19-րդ դարու վերջը պոլսահայ հասարակութեան առօրեան ու ներքին համայնքային կեանքը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ այն ժամանակուան հայաշատ թաղամասերը:

Տարիներ առաջ թրքերէնով լոյս ընծայուած գիրքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է թրքալեզու ընթերցողին մօտ, եւ որոշ դադարէ մը ետք «Ջան» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է գիրքին թուրքերէն տարբերակի եւս մէկ` արդէն 6-րդ հրատարակութիւնը: