Արտախորհրդարանական 20-է աւելի ուժեր քննարկում կատարած եւ համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են, որով կը դատապարտեն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ` ընդդիմութեան նախաձեռնած Յունիս 3-ի ԱԺ նիստի տապալումը եւ զօրակցութիւն կը յայտնեն ընդդիմութեան հեղինակած` հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու մասին յայտարարութեան մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն:
«Հայաստանի Դեմոկրատական» կուսակցութեան փոխնախագահ Նարինէ Տիլպարեանը յայտնած է, որ քննարկման մասնակցած են Պարոյր Հայրիկեանի գլխաւորած ԱԻՄ-ը, 5165 շարժումը, «Երկիր Ծիրանի»ն, «Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը», ՀԺԱՄ-ը, «Ինտելեկտուալ Հայաստան» կուսակցութիւնը, Գառնիկ Իսակուլեանի ղեկավարած «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութիւնը, «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը, «Զարթօնք»ը եւ այլն:
«Յայտարարութեամբ զօրակցութիւն ենք յայտնում ընդդիմութեան նախագծի սկզբունքներին, որոնք վերաբերում են Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, սահմանազատման աշխատանքներին եւ հայ-թուրքական յարաբերութիւններին: Կարծում ենք, որ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է խարսխուած լինի այս սկզբունքների վրայ: Որոշում է կայացուել, որ ուժերը դատապարտում են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Քպ-ի կողմից` ժողովրդավարական սկզբունքների համաձայն պետական խնդիրները քննարկումը տապալելը եւ զօրակցութիւն են յայտնում այն սկզբունքներին, որոնք ձեւաւորուած են ընդդիմութեան նախաձեռնութեան մէջ, այս յայտարարութիւնն ուղղուած է ոչ միայն ներքին քաղաքական լսարանին, այլ նաեւ արտաքին աշխարհին, դա վերաբերւում է ե՛ւ Եմ-ին, ե՛ւ ԱՄՆ-ին, ե՛ւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբին», ըսած է Տիլպարեանը: