Արսէն Յարութիւնեան թուրք մրցակիցին նկատմամբ յաղթանակով հռչակուեցաւ Եւրոպայի քառակի ախոյեան: Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 57 քկ. քաշայիններու եզրափակիչին Հայաստանի խումբի առաջատար ըմբիշը գօտեմարտեցաւ թուրք Մուհամէտ Քարաւուսի հետ: Գօտեմարտի առաջին վայրկեանին Յարութիւնեան յարմար բռնուածքով 4 գլորումով հաշիւը դարձուց 10:0 եւ 4-րդ անգամ նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը:
Աշխարհի եռակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ու գործող ախոյեան, Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր նուաճած Արսէն Յարութիւնեան պայքարը սկսած էր քառորդ եզրափակիչէն, ուր ժամանակէն շուտ 10:0 հաշիւով վստահ յաղթանակ տարած էր Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Քամիլ Քերիմովի նկատմամբ: Կիսաեզրափակիչին ան մրցեցաւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Իսլամ Պազարկանովի նկատմամբ եւ յաղթեց 10:0 հաշիւով: Գօտեմարտը տեւեց 1 րոպէ 25 վայրկեան:
Արսէն Յարութիւնեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած է նաեւ 2019, 2022 եւ 2023 թուականներուն:
Արսէն Յարութիւնեան 23 տարեկան է: 2021, 2022 եւ 2023 թուականներու աշխարհի պրոնզէ մետալակիր է, աշխարհի Մ23 կրկնակի ախոյեան, երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան, Թոքիօ-2020 Ողիմպիական խաղերու մասնակից: Սեպտեմբերին Պելկրատ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալ նուաճելով, նուաճեց նաեւ Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր: