image

Արսէն Աւագեան Իրանի մօտ ՀՀ դեսպան

  Արսէն Աւագեան   Իրանի մօտ ՀՀ  դեսպան

Հայաստանի   դիւանագիտական   շրջանակներուն մէջ  ծանօթ անուն հանդիսացող՝ Արսէն Աւագեանը  նշանակուած է Իրանի  Իսլամական Հանրապետութեան  մէջ ՀՀ  դեսպան։

Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ՀՀ  Արտաքին Գործոց  նախարարութիւնը։

Կը նշուի նաեւ, որ    Աւագեան   պիտի փոխարինէ  երկար տարիներ  Իրանի մէջ  ՀՀ դեսպանի  պաշտօն    կատարած  Արտաշէս Թումանեանը։

Արեւելագէտ եւ  բազում աշխատութիւններու  հեղինակ   Աւագեան շրջան մըն ալ գործած է Պոլսոյ մէջ   ներկայացնելով Հայաստանը ՝Սեւ  Ծովեան  համագործակցութեան խորհուրդին մէջ։