Յիշեցնենք, որ քրէական գործը ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտի յատկանիշներով յարուցուած էր 18 Յունիս 2021-ին ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ:
Նախաքննութեան ընթացքին վերոնշեալ արարքները կատարելու համար նոյն յօդուածով մեղադրանք առաջադրուած էր «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուած Ա. Չարչեանին: Վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած էր կալանաւորումը՝ մէկ ամիսով:
Մինչ այդ քրէական գործի նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազն օրէնքով սահմանուած կարգով դիմած էր ՀՀ ԿԸՅ՝ Ա. Չարչեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն եւ անոր ազատութենէն զրկելուն համաձայնութիւն տալու միջնորդութիւններով, որոնք ՀՀ ԿԸՅ-ն բաւարարած էր: