Քաղաքացիները փակած են Արմաւիր-Գիւմրի միջպետական ճանապարհը՝ յաջակցութիւն տաւուշցիներու։
Բողոքի ցոյցին միացած է նաեւ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը։
Յիշեցնենք, որ արդէն աւելի քան տասը օր է՝ հանրապետութեան տարբեր հատուածներու մէջ բողոքի ցոյցեր կ՚իրականացուին։
Բողոքի ալիքը բարձրացաւ նախ Տաւուշի մարզի մէջ, սակայն կարճ ժամանակ անց յաջակցութիւն տաւուշցիներու անհնազանդութեան արշաւներ սկսան իրականացուիլ նաեւ այլ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին մէջ։