image

Արկածի հետեւանքով. Քսանամեայ երիտասարդին մահը Մարսէյլի մէջ

 Արկածի հետեւանքով. Քսանամեայ երիտասարդին մահը Մարսէյլի մէջ

Պելժիոյ Լիէժ քաղաքէն տխուր լուր ստացանք։ 

 Արկածի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է Լիէժ քաղաքի բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ՝ Սարգիս Առաքելեանը (Ծն. 2003-ին Երեւան) 

Կը նշուի, որ արկածը եղած է Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ, ուր մեկնած էր -ամեայ Սարգիսը ամառնային արձակուրդի համար։ 

 Սարգիսի մահը մեծ ցաւ պատճառած է զինք ճանչցողներուն, հարազատներուն ու նաեւ անոր ընտանեկան պարագաներուն համար, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած են Պելճիքա եւ աշխոյժ կերպով ալ կը մասնակցի տեղի համայնքային կեանքին։

Սարգիս Առաքելեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցած են Լիէժի   Հայ  Առաքելական   եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութիւն հարազատներու եւ սգակիր հանրութեան մը։

 

Նշենք, որ թաղման կարգը նախագահած ու արարողութիւնը կատարած է Լիէժի հոգեւոր  հովիւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Վրդ.  Պէսքիսիզեան։