image

Արի Հապէշեան պիտի մասնակցի Կիպրոսի ՏԻՄ ընտրութեանց

Արի Հապէշեան պիտի մասնակցի Կիպրոսի ՏԻՄ ընտրութեանց

«Արեւելք» Կիպրոսէն վերահասու դարձաւ, որ երիտասարդ մեր հայրենակից՝ Արի Հապէշեան իր թեկնածուութիւնը դրած է Ստրովոլո շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամութեան։

 Նշենք, որ Արի Հապէշեան կիպրական «ՏԻՊԱ» կուսակցութեան երիտասարդականի հիմնադիր անդամ է ու նաեւ Կիպրոսի Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ամպիոնի աւարտական ուսանող։

Ստորեւ այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը, ի սրտէ յաջողութիւն մաղթելով մեր հայրենակիցին։

Նիկոսիայէն վերահասու դարձանք, որ կիպրահայ մեր երիտասարդ հայրենակից Արի Հապէշեան յառաջիկայ յունիսին պիտի մասնակցի ՏԻՄ ընտրութեանց եւ իր թեկնածուութիւնը դրած է Ստրովոլո շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամութեան։

Սիրելի Ստրովոլոյի համաքաղաքացիներ,

Պատասխանատուութեան խոր զգացումով կը փափաքիմ յայտարարել, թէ յառաջիկայ Յունիսի 9ին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն պիտի ներկայանամ որպէս թեկնածու` Ստրովոլոյի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամի պաշտօնին, "ՏԻՊԱ – Քաղաքականան ուժերու Համագործակցութիւն" կուսակցութեան ընտրացանկով:

Ծնած ու հասակ առած եմ Նիկոսիոյ Սթրովոլոս արուարձանին մէջ ուր նաեւ այժմ կը բնակիմ: Բոլորս կը փափաքինք մեր քաղաքը յառաջդիմութեան ու զարգացումի մէջ տեսնել, որու որպէս արդիւնք, կը հաւատամ թէ բոլորս պիտի բարելաւենք մեր կենսամակարդակը:

Որպէս երկրիս ու հայրենակիցներուս նկատմամբ տեսլականներ ունեցող երիտասարդ քաղաքացի, կը փափաքիմ, իմ մարզէս ներս, դերակատար դառնալ բոլորիս յառաջդիմութեան` նոր գաղափարներ ու գործնական լուծումներ առաջարկելով:

Յոյս ունիմ որ պիտի կարենամ առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ հայ համայնքիս ու համաքաղաքացիներուս, զրուցելով եւ գաղափարներ փոխանակելով, որպէսզի արդիւնաբեր ու շինիչ երկխօսութեան մը ընդմէջէն հանգինք ընդհանուրիս ընդունելի եւ իրագործելի տեսլականի մը, հաւատալով որ մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի առողջ ապագայ:

Բոլորիս պարտականութիւնն է ամէն գնով մեր ապրած միջավայրը պահպանել եւ զայն արդիականացնել, ի նպաստ ընդհանուրիս հաւաքական կեանքին ու բարեկեցութեան: