image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմուտքը կը փորձէ քանդել Մոսկուայի կապերը ԱՊՀ երկիրներու հետ. Լաւրով

Արեւմուտքը կը փորձէ քանդել Մոսկուայի կապերը ԱՊՀ երկիրներու հետ. Լաւրով

Ռուսիան չէր ուզեր վիճիլ արեւմտեան պետութիւններու հետ, բայց այժմ անոնք կը փորձեն քանդել Մոսկուայի կապերը Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու հետ, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

Անոր խօսքով՝ Արեւմուտքի «ամենակարեւոր հակառուսական ուժը» կեդրոնացած է յետխորհրդային տարածքին մէջ՝ քանդելու կապերը նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններու միջեւ, գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն

Ըստ Լաւրովի՝ Արեւմտեան հիմնարկները ու ոչ կառավարական կառոյցները կը փորձեն ներթափանցել որոշումներու կայացման մեխանիզմներ եւ զգայուն ոլորտներ, ինչպիսիք են իրաւապահ մարմինները եւ սահմաններու անվտանգութիւնը։

«Մենք այդ մասին բացայայտ կը խօսինք մեր դաշնակիցներու հետ, անոնց ճնշող մեծամասնութիւնը, մեր գնահատմամբ, հիանալի կը հասկնայ Արեւմուտքի մտադրութիւնները, մենք կը հասկնանք, որ անոնք չեն ուզեր վիճիլ արեւմտեան երկիրներու հետ, մենք նոյնպէս չէինք ուզեր վիճիլ, եթէ Արեւմուտքը մեր դէմ պատերազմ չսկսէր: Բայց մենք կը տեսնենք, թէ որքան լրջօրէն Արեւմուտքը կը վերաբերի տասնամեակներու եւ նոյնիսկ հարիւրամեակներու ընթացքին մեզ միաւորած կապերը քանդելու գործին»,-ըսած է Լաւրովը Դաշնային խորհուրդին մէջ «կառավարական ժամի» ժամանակ։