image

Նարեկ Կարապետեան շեշտած է կրկնըտրութիւն կատարելու կարեւորութեան մասին

Նարեկ Կարապետեան շեշտած է կրկնըտրութիւն կատարելու կարեւորութեան մասին

Եթէ ԿԸՅ-ն ու ՔՊ-ն կրկնաընտրութիւն չնշանակեն այդ 2 ընտրատեղամասերուն մէջ, հատած պիտի ըլլան բոլոր կարմիր գիծերը: Յայտարարած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեանը։

«ԿԸՅ-ն ընտրել է 2 տեղամաս, որտեղ ԲՀԿ-ն ամենաշատ ձայներն ունի, ու այդ տեղամասերի արդիւնքները չեղեալ է յայտարարել»,-յայտարարած է Նարեկ Կարապետեանը։

Նշենք, որ երէկ ուշ երեկոյեան ԿԸՅ-ն որոշեց անվաւեր ճանչնալ թիւ 10/51 եւ 35/65 ընտրատեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները։ Այսպիսով` ԲՀԿ–ն ընդհանուր առմամբ կորսնցուց 213 ձայն ու խորհրդարանի անցողիկ 4 տոկոսը յաղթահարելու հնարաւորութիւնը աւելի քիչցաւ։