Օրերս Լոս Անճելըսի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուեցաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 45-ամեակը։ Այդ առթիւ ալ ելոյթներով հանդէս եկան Ամերիկահայ եւ մասնաւորապէս Լոս Անճելըսի հայկական համայնքէն ներս աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող գործիչներ։ Նշենք նաեւ, որ այդ երեկոյի ընթացքին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան հօր առաջարկով արժանաւորապէս անդրադարձ եղաւ գաղութի նուիրեալ գործիչներէն Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի տարած գործունուէթեան ու վաստակին մասին։
«Արեւելք» ստորեւ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ այդ առթիւ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տoնոյեանին կողմէ արտասանուած յաւուր պատշաճի խօսքը, ուր Սրբազան հայր մանրամանօրէն հանրութեան կը ներկայացնէ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան ազգային մարդուն, նուիրեալ գործիչին եւ առատաձեռն բարերարին մասին իր վկայութիւնները։
Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մասնաւորապէս կ՚ըսէ ՝ «Շնորհաւորելի այս առիթին, ես կ'ողջունեմ ձեզ բոլորդ քրիստոնէական սուրբ սիրով, որպէս առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին: Այսօր լուսարձակը առաւելագոյն չափով կը բացուի Մհեր Տէր Յովհաննէսանի վրայ, արդար եւ իրաւ, Ս. Գիրքին համաձայն՝ արժան եւ իրաւ: Անցնող 5 տարիներու ընթացքին, ես երբ ծառայութիւն կը բերէի նախ որպէս առաջնորդական փոխանորդ եւ ապա որպէս առաջնորդ արեւմտեան թեմի մեր ժողովուրդեան կեանքէն ներս, ես միշտ մօտէն ճանչցայ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը, եւ այսօր իր կեանքէն առնելով միայն երեք կէտեր, զանոնք կ'ուզեմ դարձնել սեփականութիւնը ձեր բոլորին, դուք արդէն ճանչցած ըլլալով զինք վստահաբար ուրախութեամբ մտիկ պիտի ընէք, ականջալուր դառնաք այդ ճշմարտութիւններուն: Քիչ առաջ երբ վիտէօ մը կը ցուցադրուէր, այնտեղ գրուեցաւ թէ ինչպէս Մհերը Սաթիկի յիշաակին 250000 տոլարի Ֆոնտ մը հաստատեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, շատ կարճ կ'ուզեմ այդ պատմութիւնը պատմել ձեզի: Անցնող գարնան երբ ինքնաշարժիս մէջ տունէս կ'երթայի դէպի Ազգ. Առաջնորդարան, ճամբան հեռաձայնեցի Մհերին եւ ըսի, կրնա՞մ գրասենեակդ գալ եւ սուրճ մը խմել, ըսաւ սիրով Սրբազան: Գացի Մհերի գրասենեակը եւ ինչպէս Մհերը կը ճանչնամ, ուղղակի իմ փափաքս եւ մտածումս կիսեցի Մհերի հետ եւ ըսի, Մհեր եկած եմ հետեւեալը ըսելու, կ'ուզեմ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ֆանտ մը հիմնենք Սաթիկի անունով, դպրեվանքի մէջ ուսանող տղոց կարիքները հոգալու միտումով, ըսաւ ինչ է ձեր ակնկալութիւնը Սրբազան, ըսի 250000 տոլար, եւ Մհերը ըսաւ սիրով, ակնթարթի մը մէջ անմիջապէս պատասխանեց իր առաջնորդ Սրբազանին կոչին եւ ի յիշատակ իր տիկնոջ այդ ֆանտը հաստատեց կաթողիկոսարանին մէջ, բայց անկէ դուրս, ներողամիտ եղէք այսօր աւելի անձնականանալ եւ ըսել, իմ առաջնորդութեան օրօվ Մհերը Ազգ. Առաջրնորդարանի տրամադրութեան տակ դրած է նուազագոյնը կէս միլիոն տոլար, որուն համար ես շնորհակալ եմ, եւ այսօր բարեկամաբար ձեր բոլորին ուշադրութեան կը յանձնեմ:
Երկրորդ՝ Մհերին կեանքին մէջ առաւելագոյն չափով ընգծուած մեր աչքին կը զարնէ իր հաւատքը հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ, երբ կ'ըսես հայ եկեղեցի Մհերին, ամէն տեսակ հոսող ջուրերը պահ մը կը կենան, որովհետեւ կը գիտակցի որ հայոց եկեղեցին, հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ամէնէն եզակի, ինքնուրոյն, եւ կեանք սփռող ճշմարտութիւնն է, եւ ասոր կողքին եւս առաւել առաւելագոյն չափով դարձեալ ես կը գնահատեմ եւ բարձրօրէն կը գնահատեմ Մհերին կեանքին մէջ իր հաւատարիմ սէրը եւ կապուածութիւնը իր պատկանած գաղափարներուն եւ կառոյցներուն: 21-րդ դարու մէջ ենք, հաւատարմութեան սիւները սկսած են խաղալ ամէն տեղ, եւ այսօր մենք մեր մարդոց աչքերուն մէջ երբ կը նայինք, ձեռքերը կը սեղմենք, կ'ուզենք վստահ ըլլալ հաւատարմութեան ե՛ւ որակին ե՛ւ խորութեան մասին, եւ այսօր՝ հպարտութեամբ ես կ'ուզեմ ըսել, պատասխանտուութեամբ ես կ'ուզեմ ըսել, որ այս մարդը՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը հաւատարիմ է իր պատկանած գաղափարին, իր կապուած կառոյցին, եւս առաւել բոլոր անոնց, որոնց հետ եղբայրութիւն եւ ջերմութիւն միշտ վայելած է:
Երրորդ՝ ընտանիքը սովորական հասկացողութեամբ ընկերային աճման մթնոլորտ մը չեղաւ երբեք Մհերին համար, այլ եղաւ գերագոյն սրբութիւն, ընտանիքը եղաւ ամենանուիրական կառոյց, ամենանուիրական նոյնիսկ տաճար Մհերին համար, այս էր պատճառը, որ երբ Սաթիկը թողուց մարմինը երկրին ու հոգին առաւ ու տարաւ դէպի երկինք, դէպի արգանդը աստղերուն, Մհերը մնայուն կերպով յիշեց, յիշեցուց եւ ուր որ գնաց ըսաւ, թէ այս ամէնը ես կ'ընեմ Սաթիկին համար, իր պարագային՝ իր տիկնոջ համար: Սաթիկին յիշատակը թող մնայուն կենսաւորուած մնայ քու կեանքիդ մէջ, որ արդարեւ է թանկագին Մհեր, քու զաւակացդ կեանքին մէջ, Արիին եւ Սարոյին, անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուդ կեանքին մէջ, որպէսզի արդարեւ անոր հոգին հրճուի երկնքի մէջ եւ դոք մնայուն կերպով վայելէք օրհնանքը ձեզ այնքան սիրող, ձեզ փայփայած, նոյնիսկ առաջնորդած, նոյնիսկ որոշ հանգրուանով ձեր կեանքի ընթացքին նոր ուղղութիւն տուած, ձեր տիկնոջ, ձեր մօր՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսանին, Աստուած հոգին լուսաւորէ, ուժ կարողութիւն ձեզի, նոր գագաթներու նուաճում կը մաղթեմ սիրելի Մհեր քեզի: Շնորհակալ եմ»։