image
Հրատապ լուրեր:

Արեւելեան թեմ. Ընթացք առած է ուսուցիչներու վերաւորակաւորման դասընթացքը

Արեւելեան թեմ. Ընթացք առած է ուսուցիչներու վերաւորակաւորման դասընթացքը

 Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, ուսուցիչներու վերաորակաւորման միամեայ ծրագիրը մեկնարկած է Սփիւռքահայ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ Յակոբ Չոլաքեանի՝ հայոց լեզուի եւ գրականութեան նուիրուած դասախօսութեամբ:

«Արեւելք» այս լուրը քաղեց «Հայրենիք»ի կայքէջէն, ուր գրուած է.

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած ուսուցիչներու վերաորակաւորման միամեայ ծրագիրը սկիզբ առաւ Սեպտեմբեր 16-ին, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 ուսուցիչներու, որոնք մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան նուիրուած դասախօսութեան շարքի առաջին դասին։

Դասընթացքը պիտի ունենայ 18 դասապահեր եւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան կողքին պիտի աւանդուին հայոց պատմութիւն, Հայ Եկեղեցի եւ հաւատք, հայ մշակոյթ եւ արհեստագիտութիւն։

Դասընթացքի նպատակն է մեր շրջանի ուսուցիչներու հայագիտական գիտելիքներու պաշարը ճոխացնել՝ հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայ ոգի փոխանցելու ընդունակութիւնը բարելաւելու համար։ Ուսուցիչներու բազմակողմանի պատրաստութիւնը՝ թէ՛ մանկավարժական եւ թէ՛ հայագիտական տեսանկիւնէն, էական է, նկատի ունենալով, որ համայնքի ղեկավար տարրերը նոր սերունդէն պիտի գան։ Հայ ինքնութեան մշակումը, հայախօսութիւնն ու մշակութային զարգացումը կարեւոր են դէպի ապագայ առաջնորդուելու համար։

 

Լուրը «Հայրենիք» ամսագրէն