image

Արդեօք ծանր երկրաշարժ մը պիտի հարուածէ՞ Իսթանպուլը. Թուրք գիտնականէն զգուշացում

 Արդեօք  ծանր երկրաշարժ մը պիտի հարուածէ՞ Իսթանպուլը. Թուրք գիտնականէն զգուշացում

 

Իր կարգին, Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն նախազգուշացուցած է ուժգին երկրաշարժի հնարաւորութենէն։ Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլը ունի   շուրջ 16 միլիոն բնակչութիւն եւ այն կը համարուի տարբեր քաղաքակրթութիւններու պատմական  խաչմերուկ։

Իմամօղլու մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք չենք կրնար շարունակել ապրիլ այնպէս, ինչպէս անցեալին կ՚ապրէինք, քանի որ Իսթանպուլի մէջ, օր մը ուժեղ երկրաշարժ տեղի պիտի ունենայ եւ այդ մէկը անխուսափելի է: Ուստի մենք պէտք է վերակառուցենք ամէն ինչ, գիտութեան ճամբով»:

 

Թուրք երկրաշարժագէտ (Սեյսմոլոկ)Նաժի Կուրուր զգուշացուցած է  Իսթանպուլի մէջ տեղի ունենալիք 10 աստիճանի աւերիչ երկրաշարժէ մը։ Ան այս առումով մասնաւորապէս ըսած է, թէ «Իսթանպուլի մէջ երկրաշարժային մեծ խոռոչ մը կայ, եւ երբ այդ բացուածքը փակուի, Մարմարայի մեծ ու աւերիչ երկրաշարժը տեղի պիտի ունենայ»։

Փորձագէտը ըսած է, որ կարգ մը շրջաններու մէջ երկրաշարժի ուժգնութիւնը պիտի հասնի 10 Ռիխթըր աստիճանի, եւ ան բաղկացած պիտի ըլլայ երկու յաջորդական երկրաշարժներէ, եւ անոնց հզօրութեան պատճառով կարելի է զանոնք 4 երկրաշարժ համարել։

 

Ան նշած է, որ հաւանական երկրաշարժէն ասիական կողմը աւելի նուազ պիտի ազդուի, քան եւրոպական՝ դաշտի մօտակայ վայրերը, ուր ցնցումները շատ ուժեղ պիտի ըլլան։

Թուրք փորձագէտը պարզաբանած է, որ դաշտային եւ հիւսիսային շրջանները երկրաշարժի ուժգնութիւնը պիտի նուազի մինչեւ 9 աստիճանի։

 

Իր կարգին, Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն նախազգուշացուցած է ուժգին երկրաշարժի հնարաւորութենէն։ Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլը ունի   շուրջ 16 միլիոն բնակչութիւն եւ այն կը համարուի տարբեր քաղաքակրթութիւններու պատմական  խաչմերուկ։

Իմամօղլու մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք չենք կրնար շարունակել ապրիլ այնպէս, ինչպէս անցեալին կ՚ապրէինք, քանի որ Իսթանպուլի մէջ, օր մը ուժեղ երկրաշարժ տեղի պիտի ունենայ եւ այդ մէկը անխուսափելի է: Ուստի մենք պէտք է վերակառուցենք ամէն ինչ, գիտութեան ճամբով»:

 

Լուրը համադրաբար՝ «Ալ Արապիա» կայանէն։