Արցախ մարդասիրական բեռեր տեղափոխող, 22 բեռնատարէ բաղկացած շարասիւնը արդէն 16 օր է` անշարժ կանգնած է Կոռնիձորի սահմանային հատուածին:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեանը «Լուրեր»ու հետ զրոյցին ամփոփելով այս օրերու արձանագրումները, նշած է`այս օրերու ընթացքին Կոռնիձորի սահմանային հատուած այցելած են ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական, միջազգային կազմակերպութիւններու, եւ մասնաւորապէս, ՄԱԿ երեւանեան գրասենեակի, ՄԱԿ գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք ականատես եղած են թէ ինչպէս արդէն ութ ամիս արգելափակուած Լաչինի միջանցքը փակ է, մարդասիրական ուղեբեռը հնարաւոր չէ հասցնել Արցախի ժողովուրդին:
Սարգսեանը նշած է` Կոռնիձորի այս հատուած այցելած են նաեւ բազմաթիւ միջազգային հեղինակաւոր ԶԼՄ ներկայացուիցիչներ, որ, գտնուելով ատրպէյճանական ապօրինաբար տեղադրուած հսկիչ անցագրային կէտէն տեսանելի հեռաւորութեան վրայ, սեփական աչքերով տեսած, հաւաստիացած են, որ անցակէտին մէջ որեւէ շարժ չկայ, այն որեւէ մէկուն չի սպասարկեր:
«Չնայած միջազգային հանրութեան կողմից ընդհանուր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան աճին, խորացող ճգնաժամի վերաբերեալ հնչող յայտարարութիւններին ու մտահոգութիւնեներին, լրատուամիջոցների հրապարակումներին, դեռ տարօրինակ կերպով ականատես ենք լինում ադրբեջանական կողմի յայտարարութիւններին, որ Լաչինի միջանցքը բաց է, սակայն այն որեւէ աղերս չունի իրականութեան հետ»,-ըսած է ան:
Սարգսեանի խօսքով՝ որեւէ մէկու մօտ կասկած չկայ, որ ՀՀ կառավարութեան այս նախաձեռնութիւնը բացառապէս մարդասիրական է, եւ Ատրպէյճանի անհիմն շահարկումները, թեման քաղաքականացնելու փորձերը չեն կրնար ստուեր նետել այս գործընթացի վրայ:
«Յոյսով եմ` այս բացառապէս հումանիտար նախաձեռնութիւնը հնարաւոր կը լինի իրականացնել, եւ բարդագոյն մարտահրաւէրների բախուող ԼՂ 120 000 բնակչութեան կարիքները հնարաւոր կը լինի ուղեբեռի միջոցով հոգալ»,-ըսած է ան:
Բեռի փճանալու վտանգն օրէ օր կ'աւելնայ է, այս ուղղութեամբ ինչ քայլեր կը ձեռնարկուին: Այս հարցին Սարգսեանը պատասխանած է.
«Բեռնատարները, գոնէ նրանք, որտեղ պիտանելիութեան եւ որոշակի ջերմաստիճանի պահպանման խնդիրներ ունեցող բեռներ են, յագեցած են համապատասխան սառեցման, հովացման համակարգերով: Տուեալ պարագայում, հաշուի առնելով, որ արդէն 16 օր է` բեռնատարներն անշարժ են, տեխնիկապէս դրանք վերահսկելի պահելու առումով որոշակի բարդութիւններ առաջանում են: Ամէն դէպքում, մինչ այս պահը պարբերաբար հովացման համակարգերը միացւում են, եւ այդ խնդիրը առկայ չէ»: