image

«Արցախը հայոց պետականութեան մարտկոցն է».Կիմ Գաբրիէլեան

«Արցախը հայոց պետականութեան մարտկոցն է».Կիմ Գաբրիէլեան

Ժողովուրդ մը, որ շուրջ երկու տարի առաջ ենթարկուած է ցեղասպանութեան փորձի, հայրենապատկան տարածքներ կորսնցուցած է ու տուած է բազմաթիւ զոհեր, չի կրնար ինքնիրմէ բաւարարուած զգալ: Ջանքեր կը գործադրուին՝ ընկերային-տնտեսական բնոյթի նախաձեռնութիւններով, մեղմելու համար արցախցիին հոգերը: Յատկապէս մեծ թափ ստացաւ բնակարանաշինութիւնը, որ ճիշտ ռազմավարութիւն է՝ բռնատեղահանուածներուն Արցախի մէջ պահելու համար: 1990-ականններու սկիզբները, երբ Շահումեանէն ու Գետաշէնի ենթաշրջանէն տեղահանուած էր հայ բնակչութիւնը, ոչ մէկ աշխատանք տարուեցաւ զանոնք Արցախի մէջ պահելու համար: Շատերը անվերադարձ գացին՝ դադրելով յուսալ, որ օր մը հարազատ ծննդավայր կը վերադառնան: Նոյն սխալը կարելի չէ կրկնել։ Հադրութցիներուն, Շուշեցիներուն ու միւս գերեւարուած հայկական գիւղերու բնակիչներուն պէտք է հնարաւորութիւն տալ, ապրելով եւ արարելով Արցախի մէջ՝ շարունակելու պահանջատէր մնալ:

 

«Պայքար»ի հարցերուն կը պատասխանէ արցախաբնակ գրող, լրագրող Կիմ Գաբրիէլեան 

 

-Պրն. Գաբրիէլեան Կարեւոր ժամանակներ կ՚ապրինք, ոչ միայն Արցախի անվտնագութեան ապահովման տեսակէտէն, այլեւ Հայաստան- Ատրպէյճան խնդիրներու կարգաւորման առընթեր։ Կայ նաեւ տեսակէտ, որ տարածաշրջանին մէջ ամբողջական կայունութիւնը ամրապնդելու համար պէտք է նախ եւ առաջ լուծուի Արցախի հարցը: Ի՞նչ կը մտածէք այս օրակարգով:

Ես նաեւ կ՚ըսէի՝ տագնապալից ժամանակներ կ՚ապրինք, որ առարկայօրէն զգալի է յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը, ներկայիս վերածուած է հայ-ատրպէյճանականի, եւ այդ ցաւալի յետընթաց մըն է բանակցային գործընթացին համար: Երկու տասնամեակէ աւելի, տարածաշրջանին կայունութիւնը կ՚առնչուէր արցախեան հիմնահարցին հետ, բայց հիմա՝ Ատրպէյճանին հայեացքը միայն Արցախի ամբողջական գրաւման խնդրին վրայ սեւեռուած չէ: 

Կ՚ընկալեմ, որ հակամարտութիւնը երկար ժամանակ քաղաքական լուծում 

չի ստանար, եւ այդ մէկը բնաւ հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն կամքէն կախուած չէ: Այս խաղաքարտը կը խաղարկուի մինչեւ որ Ռուսաստանին ու հաւաքական Արեւմուտքին միջեւ Հարաւային Կովկասը վերջնականապէս բաժնուի: Իսկ այդ մէկը ե՞րբ կը կատարուի, դժուար է ըսել։ Մեզի համար անհրաժեշտ է պարզապէս զգոյշ ու համբերատար ըլլալ:

 

-Նկատեցինք, որ օրերս Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Միրզոյեան-Պայրամով հանդիման ընթացքին, ՀՀ ԱԳ նախարար Միրզոյեան առաջ քաշեց Արցախի հարցի քաղաքական լուծման օրակարգը եւ այդ մէկը համարեց նախապայման՝ տարածաշրջանին մէջ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին: Ի՞նչ գնահատականներ կու տաք ՀՀ Իշխանութեանց եւ յատկապէս նախարար Միրզոյեանի այս կեցուածքին:

Ճիշդ չ՚ըլլար գնահատականներ տալ ՀՀ իշխանութիւններուն՝ ի մասնաւորի՝ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի գործողութիւններուն մասին. մանաւանդ որ անդրքուլիսեան քննարկումներու իսկական բովանդակութենէն բոլորս անտեղեակ ենք: Բանակցութիւններու արդիւնքները, որպէս կանոն, հանրութեան միշտ ժլատօրէն կը ներկայացուի, ուստի՝ մենք կրնանք ընդամէնը ենթադրութիւններ ընել՝ վիճակը գնահատելով, արդիւնքի համապատկերին ընդմէջէն, որ շատ մխիթարական չէ: Էական փաստ է, որ երկկողմ հանդիպումը տեղի ունեցած է Թիֆլիսի մէջ, առանց Ռուսաստանի ներկայացուցիչի մասնակցութեան, սակայն դժուար է պնդել, որ անով ռուսական ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ սկսած է նուազիլ: Ռազմաքաղաքական ներազդեցութիւնը, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Ատրպէյճանի վրայ մշտապէս կայ, եւ այդ պայմանաւորուած է այն հաստատուած կարգավիճակով, որ ձեւաւորուած է 2020 թուականի աշնան պատերազմէն ետք: Ռուսաստանը ակնյայտօրէն ամրապնդած է իր ռազմական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ, մասնաւորաբար Արցախի Հանրապետութեան տարածքին, որքան ալ այդ մէկը ցանկալի չըլլայ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի համար: Ստեղծուած իրավիճակի գնահատումներուն մէջ առկայ է թաքնուած վատ դժգոհութիւնը, որ Պաքուի ու Երեւանի մէջ կ՚արտայայտուի, առաւելաբար ընդիմադիր հատուածին միջոցով: Ինչ կը վերաբերի Ստեփանակերտին՝ ԼՂՀ-ի ո՛չ պաշտօնական, եւ ո՛չ ալ ընդիմադիր շերտերուն արձագանգը, ցաւօք, քաղաքական արդիւնքներ ունին: 

Այս պարագային, գուցէ նոյնիսկ կարեւոր ալ չէ, թէ ցուցադրական ինչ դրսեւորումներ ունի ատրպէյճանական ու հայկական դիւանագիտական հռետորաբանութիւնը: Հաստատապէս տարբեր են կողմերուն քաղաքական նպատակները, իսկ Միրզոյեանն ու Պայրամովը պարզապէս կը ձգտին հաճոյանալ իրենց սեփական լսարանին՝ սպասողական հայեացքները յառելով դէպի հիւսիս ու արեւմուտք:

 

-Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման բանալին (գուցէ մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը) մեծ հաշուով կը գտնուէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբին մօտ, հակառակ անոր որ պաշտօնական Երեւան եւ պաշտօնական Պաքու տարբեր առիթներով անհանգստութիւն յայտնած էին Մինսքեան խումբի յապաղկոտ եւ գետնի վրայ ոչ մէկ տեղաշարժ բերող գործունէութեան մասին: Այսօր, ինչպիսի՞ն է պատկերը, Մինսքեան խումբը կը շարունակէ՞ անհրաժեշտութիւն մնալ, կա՞մ այն ընդհանրապէս կը պատկանի անցեալին:

Տպաւորութիւն կայ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը՝ ստեղծման օրէն եղած է ու կը մնայ որպէս ներհակ կառոյց. թէպէտ գործունէութեան ողջ ընթացքին՝ աւելի ճիշդ՝ մինչեւ 27 Սեպտեմբեր 2020 թուականը, ՄԽ-ը կարծէք հանդէս կու գար ընդհանուր բեմահարթակով: Ըստ էութեան, համատեղ գործելը լաւ հնարաւորութիւն էր ռուս, ֆրանսացի ու ամերիկացի դիւանագէտներուն համար՝ ձեռքը մշտապէս տարածաշրջանի զարկերակին վրայ պահելու համար: Ըսել կ՚ուզեմ, թէ եռանախագահները՝ իրականութեան մէջ, եթէ նոյնանպատակ վերաբերուէին ղարաբաղեան հակամարտութեան, թերեւս կը հասնէին համաձայնութեան մը, որ այսօր մեկնակէտ կը դառնար հակամարտութեան վերջնական լուծման համար: Բայց իրականութիւնը այլ է. Ռուսաստանը կը նախատէ համանախագահ միւս երկիրները՝ բանակցային գործընթացը միտումնաւոր տապալելու համար, իսկ Ֆրանսան ու 

ԱՄՆ-ը ռուսերուն կը մեղադրեն ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման իրաւունքը «մենաշնորհելու» մէջ: Կարելի է եզրակացնել, որ տարաձայնութեան սլաքները կը տանին դէպի ռուս-ուքրանական հակամարտութիւն, որուն լուծման հորիզոնները դեռ չեն երեւիր: Իսկ այդ կը նշանակէ նաեւ, որ արցախեան հիմնախնդիրի լուծումը նոյնպէս կը գտնուի սարերուն ետեւը:

 

-Եթէ պատահի, որ Մինսքեան խումբը հրապարակային «թաղման» արժանանայ, ապա ո՞վ եւ ի՞նչ միջոցներով առաջ պիտի տանի Արցախի հարցի քաղաքական լուծման բանակցութիւնները:

Ամէն պարագայի , Մինսքի խումբի ձեւաչափը այլընտրանք չունի: Այս այն միակ հարթակն է, ուր կը զսպուի ռուսերուն ու թուրքերուն ախորժակը, ինչ որ հայերուն համար միշտ ալ աղէտաբեր եղած է: Արցախեան հակամարտութիւնը, բացառապէս ՄԽ-ի ձեւաչափի մէջ լուծելու պնդումները պէտք է հայկական դիւանագիտութեան համար խիստ սկզբունքային ըլլան: Նոյնիսկ ձգձգուելու պարագային, այս հարթակին միջոցաւ՝ հակամարտութիւնը հայանպաստ լուծման հեռանկար ունի։ Մինչդեռ որեւէ երկրի մը՝ (նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ Ռուսաստանը), հովանաւորութեան յանձնելը, Արցախին համար դանդաղ մահ կը նշանակէ: Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար դառնալ «փոքր Կրասնոտար» կամ «Ստաւրոփոլ», որովհետեւ կարճ ժամանակի մէջ երկրամասը կ՚ենթարկուի ուծացման, եւ ինչպէս լեկենտ Աւօն ըսած է՝ անորմով կը շրջուի հայոց պատմութեան վերջին էջը: Արցախը հայոց պետականութեան Մարտկոցն է։ Այս իրողութիւնը դժուար է գերագնահատել:

 

 -Արցախի մէջ ընդհանրապէս ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ։ Արցախցին բաւարարուա՞ծ է, գո՞հ է իշխանութեանց ու նաեւ համայն հայութեան կողմէ ցոյց տրուած նեցուկով։ Գործի դրուած միջոցները կրնա՞ն դէմ դնել Արցախէն հայաթափման ցանկացած ալիքին:

Ժողովուրդ մը, որ շուրջ երկու տարի առաջ ենթարկուած է ցեղասպանութեան փորձի, հայրենապատկան տարածքներ կորսնցուցած է ու տուած է բազմաթիւ զոհեր, չի կրնար ինքնիրմէ բաւարարուած զգալ: Ջանքեր կը գործադրուին՝ ընկերային-տնտեսական բնոյթի նախաձեռնութիւններով, մեղմելու համար արցախցիին հոգերը: Յատկապէս մեծ թափ ստացաւ բնակարանաշինութիւնը, որ ճիշտ ռազմավարութիւն է՝ բռնատեղահանուածներուն Արցախի մէջ պահելու համար: 1990-ականններու սկիզբները, երբ Շահումեանէն ու Գետաշէնի ենթաշրջանէն տեղահանուած էր հայ բնակչութիւնը, ոչ մէկ աշխատանք տարուեցաւ զանոնք Արցախի մէջ պահելու համար: Շատերը անվերադարձ գացին՝ դադրելով յուսալ, որ օր մը հարազատ ծննդավայր կը վերադառնան: Նոյն սխալը կարելի չէ կրկնել։ Հադրութցիներուն, Շուշեցիներուն ու միւս գերեւարուած հայկական գիւղերու բնակիչներուն պէտք է հնարաւորութիւն տալ, ապրելով եւ արարելով Արցախի մէջ՝ շարունակելու պահանջատէր մնալ:

Արցախցիին իր հողին վրայ պահելու համար, քիչ է անոր փորը միշտ կուշտ պահելը: 2020-ի համապետական ընտրութիւններուն ժամանակ, գործող իշխանութիւններէն ձեւաւորուած դժգոհութիւնը ձեւափոխուած ու հասած է այս նոր իրավիճակին, ստեղծելով քաղաքական սերնդափոխութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը: Եթէ այդ մէկը տեղի չունենայ, արտագաղթը կը շարունակուի՝ լրջօրէն վտանգելով Արցախի ապագան: 

Սփիւռքը այս գործին մէջ շատ ընելիքներ ունի: Հարկաւոր է, գործնական կապեր ստեղծել Արցախի հետ, եւ ոչ թէ հեռուէն հայրենասիրական լոզունքներ հնչեցնել: Մենք կը սիրենք կրկնել, որ արտերկրի մէջ այսօր կը բնակի շուրջ եօթը միլիոն հայ: Եթէ այդ թուաքանակին գոնէ մէկ տոկոսը տարեկան մէկ անգամ նպատակային այց կատարէ Արցախ, կը պատկերացնէ՞ք, թէ այդ ինչ մեծ աջակցութիւն կ՚ըլլայ հայկական երկրորդ պետութեան համար: 

«Բոլորս դէպի Արցախ» կարգախօսը պէտք է ամենօրեայ կոչ դառնայ հայկական համայնքներուն մէջ: 

 

-Ռազմական գործողութիւններու վտանգը ինչքանո՞վ կը յուզէ ձեզի։ Արցախցին այդ առումով վստահեցումներ ունի՞:

2020 թուականի նոյեմբերեան յայտարարութիւնը՝ հակամարտ կողմերու խորհրդարաններուն կողմէն չվաւերացուեցաւ։ Ուստի՝ որեւէ պահուն, ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը չի բացառուիր: Ի դէպ, հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ երեք անգամ հրադադարի համաձայնութիւն ձեռք բերուած է՝ 1994-ին, 2016-ին ու 2020-ին, եւ ամէն անգամ այդ տեղի ունեցած է Ռուսաստանի միջնորդութեամբ: Ի՜նչ երաշխիք կայ, որ այս մէկ պայմանաւորուածութիւնն ալ չի խախտուիր: Արցախեան գոյամարտի մեկնաբանութիւնը ամբողջապէս չեզրաբաներ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած պատերազմներու ծագումնաբանութիւնը։ Մենք մեկնաբանութիւններ կ՚ընենք միայն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան բնաբանին մէջ. մինչդեռ, 

ռազմական գործողութիւնները կը պատրաստուին՝ արտազգային, քաղաքական տարրալուծարաններուն մէջ:

Իսկ ընդհանրապէս, պետք չէ հանրութիւնը վախցնել պատերազմի վտանգներով։ Ամէնէն վատ բանը խաղաղ պայմաններուն մէջ պարտուիլն է:

 

-Հակառակ Երեւանի մէջ տիրող ներքաղաքական՝ ոչ փայլուն պատկերին, Արցախի հանդէպ տարբեր կողմերէն յարգելի մօտեցումներ եւ առաջադրանքներ կա՞ն։ Խորքային առումով, ի՞նչ կը սպասէ Արցախցին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Ի՞նչն է պակսողը Արցախի մէջ:

Այդ հարցումին պատասխանած եմ: Կրկնեմ, որ Արցախը հայոց պետականութեան Մարտկոցն է, եւ զայն թշնամիին յանձնելը կը յանգեցնէ հայկական պետութեան կորուստին: Այս պարզ բանը հասկնալու համար շատ խելացի ըլլալու կարիքը չկայ, ուղղակի հարկաւոր է վերջ տալ աթոռակռիւներուն ու սրտցաւօրէն մտածել հայրենիքի ապագային մասին:

Սփիւռքը պէտք է մասնակից դառնայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող պետական գործընթացներուն: Հայրենիքը, որքան հայստանաբնակին կամ արցախաբնակին, նոյնքան ալ արտերկրի մէջ ապրող հայուն կը պատկանի, եւ այս իմաստով՝ իւրաքանչիւր հայ, սրբազան պարտք ունի՝ ամէն մէկը իր կարողութեան չափով: 

 

Հարցազրոյցը վարեց՝ 

Սագօ Արեան