image

Դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեան կալանաւորուեցաւ 

Դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեան կալանաւորուեցաւ 

Հակակոռուպցիոն դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած է դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանը։ 

Գաբրիէլեանի նկատմամբ կ՚իրականացուին իրաւական գործողութիւններ՝ կաշառք տալու, ստանալու եւ կաշառք ստանալուն օժանդակելու դէպքերու առթիւ յարուցուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։ Գործով բացի դատաւորէն մինչ այս կալանաւորուած էր երկու անձ։

Ապրիլ 30-ին ալ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը որոշած էր Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանի լիազօրութիւնները կասեցնել՝ մինչեւ քրէական վարոյթի աւարտը: