Հարիւր հինգ տարիներ առաջ՝ այս օրը, 1921 թուականի Մարտ 15-ին, Սողոմոն Թէհլիրեանի ձեռքով կատարուեցաւ պատմական մէկ արարք՝ արդարութեան վճիռ մը, որ հայ ժողովուրդի վիրաւորուած արժանապատուութեան եւ արդարութեան պահանջի խորհրդանիշը դարձաւ։
Այսպէս կը բնուդագրէ Սողոմոն Թէհլիրեան Թալէաթին հասանելի պահը՝
«Կը մօտենայինք իրարու։ Ան կուգար ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով։ Կարճ տարածութիւն մը մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն մը համակեց էութիւնս։ Հաւասարուեցանք։ Թալէաթը շեշտակի նայեցաւ ինծի. աչքերուն մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը։ Վերջին քայլը կտրուեցաւ գետնէն։ Քիչ մը թեքուեցաւ որ փախչի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխուն պարպելս մէկ եղաւ… Բնաւ չէի կրնար երեւակայել, որ այդքան դիւրութեամբ գետին պիտի փռուէր գազանը»։
Սողոմոն Թէհլիրեանի ձեռքով կատարուած այս արարքը պարզ վրիժառութիւն մը չէր, այլ պատմական արդարահատոյց մը՝ ծնունդ առած ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդի խոցուած հոգիէն, անարդարութեան դէմ ըմբոստացող ազգային խղճմտանքէն եւ արդարութեան անխորտակելի պահանջէն։
Նեմեսիսեան արդարահատոյցը դարձաւ պատգամ՝ դարերուն ուղղուած պատգամ։ Ան մշտապէս յիշեցուց աշխարհին, թէ հայ ժողովուրդը կրնայ վիրաւորուիլ, բայց չի կրնար մոռնալ. կրնայ կոտորուիլ, բայց չի կրնար կոտրուիլ։
Արդարութիւնը կրնայ ուշանալ, բայց չի կրնար մեռնիլ, որովհետեւ ան կը շարունակէ ապրիլ ժողովուրդի յիշողութեան, կամքին եւ պայքարի մէջ։
Այս պատմական արարքը այսօր եւս կը մնայ մշացող եւ ուղեցոյց նորահաս սերունդներուն՝
որ ազգային արժանապատուութիւնը սակարկութեան առարկայ չէ եւչի կրնար ըլլալ, որ արդարութեան պահանջը երբեք չի խամրիր,
եւ որ ժողովուրդ մը, որ կը պահէ իր յիշողութիւնը, կը պահպանէ նաեւ գալիք իր ապագան։
Թէհլիրեանի նուիրական կեանքն ու անոր կատարած արդարահատոյցը մեզ կը պարտաւորեցնէ շարունակելու պայքարը՝ հպարտ ճակատով, աննկուն կամքով եւ անխորտակելի հաւատքով։
Անոր հերոսական արարքը դարձաւ անմահ կտակ մը՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար՝ քալելու արժանապատուութեան, դիմադրութեան եւ յաղթանակի ճամբաներով, մինչեւ ամբողջական արդարութեան եւ ազգային իրաւունքներու վերահաստատումը։
Փառք եւ պատիւ անմահանուն վրիժառուի բազուկ՝ Սողոմոն Թէհլիրեանին,
ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան ճանապարհին մարտնչած ու հերոսական մահով նահատակուած բոլոր յայտնի եւ անյայտ ազատամարտիկներուն ու ազգային գործիչներուն, որոնք իրենց կեանքը ընծայաբերեցին Հայ Դատի եւ Հայաստանի ու Արցախի ազատութեան սրբազան բագինին։
Յարգանք եւ խոնարհումս ձեր անմեռ յիշատակին, անգին հերոսներ։
Յակոբ Ճանպազեան