image

ՀՅԴ-ն կը շեշտէ․ Անկախութեան Հռչակագրի դէմ ոտնձգութիւնը յարձակում է պետականութեան հիմքերուն վրայ

ՀՅԴ-ն կը շեշտէ․ Անկախութեան Հռչակագրի դէմ ոտնձգութիւնը յարձակում  է պետականութեան հիմքերուն վրայ

 Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը պէտք է պաշտպանել բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններէ։ Այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը՝ Անկախութեան Հռչակագրի 35-ամեակի առիթով հրապարակած ուղերձին մէջ։

ՀՅԴ–ն կը յիշեցնէ, որ Հռչակագիրը ՀՀ Սահմանադրութեան նախաբանէն  հեռացնելու Ատրպէյճանի պահանջէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարեցին Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու գործընթացի մեկնարկի մասին։

«Անկախութեան Հռչակագիրը մեր միասնականութեան հիմքն է։ Ան կը նկարագրէ մեր պետութեան էութիւնը եւ համահայկական յանձնառութիւնը։ Ան մեր ծննդեան վկայականն է, եւ անոր դէմ ոտնձգութիւնը հարձակում մըն է պետականութեան հիմքերուն վրայ։ Ուստի, անկախ մեր քաղաքական տարբերութիւններէն ու տարակարծութիւններէն, պարտք կը զգանք պաշտպանելու Հռչակագիրը բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններէ։ Հաւատարիմ մնալով անկախութեան գաղափարին եւ անոր մէջ ամրագրած համազգային նպատակներուն, պէտք է ուժ գտնենք մերժելու հակապետական ու հակազգայական իշխանութիւնները՝ վերահաստատելով ազատ ապրելու ձգտումը եւ անկախ, ինքնիշխան, ժողովրդավարական ու իրաւական պետութիւն կերտելու կամքը։ Այս  է խաղաղ ու ապահով ապագայի համար մեր պետութեան կենսունակութեան երաշխիքը»,- կը նշուի ուղերձին մէջ։

ՀՅԴ–ն կը շեշտէ, որ անկախութեան ճամբան դիւրին չէր․ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ժողովուրդը իր ուսերուն կրեց պատերազմի, տնտեսական ու ընկերային ծանրութիւններու բեռը, դիմագրաւեց փորձութիւնները եւ բազմահազար նահատակներու գնով պաշտպանեց անկախութիւնը։

Կուսակցութիւնը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն, յատկապէս 2018էն ետք, մէկ առ մէկ խարխլուեցան պետականութեան հիմքերը եւ Հռչակագրին մէջ ամրագրած դրոյթները։

«Անկախութեան Հռչակագիրը մեր միասնականութեան հիմքն է։ Ան կը նկարագրէ մեր պետութեան բնոյթն ու համահայկական յանձնառութիւնը։ Ան մեր ծննդեան վկայականն է, որուն դէմ ոտնձգութիւնը հարձակում մըն է պետականութեան հիմքերուն վրայ»,- կը հաստատէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը։

ՀՅԴ-ն նաեւ կը յիշեցնէ, որ նոյնիսկ 90-ականներուն տարակարծութիւններ կային, սակայն 1990-ի Օգոստոս 23-ին՝ անասելի բարդ պայմաններու մէջ, Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդը հռչակեց անկախ պետականութեան ստեղծման գործընթացի սկիզբը։ Իսկ մէկ տարի ետք՝ 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին, համաժողովրդական կամքով ու միասնականութեամբ ամրագրվեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը։