Արցախի զօրակցութեան համար Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ օրերս նշուած է Արցախի հանրապետութեան Անկախութեան օրը։ Նոյն առումով տեղի ունեցած են հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանուած է։
Նոյն ծիրէն ներս, Պրազիլիոյ Սուրբ Գէորգ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Արցախի անկախութեան տօնի առիթով կատարուեց «Հանրապետական մաղթանք».
Սեպտեմբերի 3-ին՝ հանդիսապետութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գրշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի, Սուրբ Գէորգ մայր եկեղեցում, յընթացս սուրբ պատարագի, Արցախի անկախութեան տօնի առիթով կատարուեց «Հանրապետական մաղթանք»։