image

Պրազիլիոյ մէջ. Յանուն Արցախի «Հանրապետական մաղթանք»

Պրազիլիոյ  մէջ. Յանուն  Արցախի  «Հանրապետական մաղթանք»

Արցախի  զօրակցութեան համար Սփիւռքի տարբեր  համայնքներու մէջ օրերս   նշուած  է Արցախի  հանրապետութեան Անկախութեան օրը։  Նոյն առումով  տեղի ունեցած են հոգեհանգստեան  արարողութիւններ  եւ  յաւուր  պատշաճի  խօսք  արտասանուած է։

Նոյն  ծիրէն ներս, Պրազիլիոյ Սուրբ Գէորգ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է  հոգեհանգստեան կարգ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ   Դիմատետրի  պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Արցախի անկախութեան տօնի առիթով կատարուեց «Հանրապետական մաղթանք».

Սեպտեմբերի 3-ին՝ հանդիսապետութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գրշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի, Սուրբ Գէորգ մայր եկեղեցում, յընթացս սուրբ պատարագի, Արցախի անկախութեան տօնի առիթով կատարուեց «Հանրապետական մաղթանք»։