ՌԱԿ պատասխանատու, ազգային բարերար Վարդան Նազիրեան արժանացած է Արցախի Հանրապետութեան «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Արցախբրէս» գործակալութիւնէն։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ շքանշանի յանձնումը տեղի ունեցած է նախագահ Յարութիւնեանի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին։
Արցախի նախագահը բարձր գնահատած է Նազիրեանի գործունէութիւնը՝ նշելով, որ բարերարը կարելի բոլոր միջոցներով նեցուկ կանգնած է Արցախին եւ արցախահայութեանը։
Իր կարգին Նազիրեան շնորհակալութիւն յայտնած է իրենց ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար նշելով, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս պիտի շարունակէ իր ծրագիրները իրականացնել Արցախի մէջ։
