image

Արցախի «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանը՝ ՌԱԿ ղեկավարներէն՝ Վարդան Նազիրեանին (Լուսանկար)

Արցախի «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանը՝  ՌԱԿ  ղեկավարներէն՝ Վարդան Նազիրեանին (Լուսանկար)

ՌԱԿ    պատասխանատու, ազգային բարերար Վարդան Նազիրեան    արժանացած է Արցախի Հանրապետութեան  «Վաչագան Բարեպաշտ»  շքանշանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Արցախբրէս» գործակալութիւնէն։

 

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ շքանշանի յանձնումը  տեղի ունեցած է նախագահ Յարութիւնեանի   հետ  կայացած  հանդիպման ընթացքին։

Արցախի նախագահը բարձր գնահատած է  Նազիրեանի գործունէութիւնը՝ նշելով,  որ բարերարը   կարելի բոլոր միջոցներով  նեցուկ կանգնած է Արցախին եւ արցախահայութեանը։

Իր կարգին Նազիրեան  շնորհակալութիւն յայտնած է   իրենց ցուցաբերուած  ջերմ ընդունելութեան համար   նշելով, որ    ինչպէս միշտ, այսօր եւս    պիտի շարունակէ   իր ծրագիրները իրականացնել Արցախի մէջ։