Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը․ այս մասին ասուած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
ՌԴ խաղաղապահները 27 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման պահպանման վերահսկողութիւն կ՛իրականացնեն:
ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած:
«Պարեկութիւն կատարուած է Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ:
Խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետական եւ սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն ստուգել եւ մաքրել տարածքը ականներէն եւ չպայթած զինամթերքէն: Օրուայ ընթացքում մաքրուած է 1 հա տարածք:
ՌԴ խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: