image

Արցախի քրիստոնեաներուն դէմ տեղի ունեցածը էթնիկ զտում է. Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեան

Արցախի քրիստոնեաներուն դէմ տեղի ունեցածը էթնիկ զտում է. Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեան

 Ստորեւ   Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածնի   եռանդուն միաբաններէն, Մասեացոտնի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեանի   Վատիկան  տուած այցելութեան առթիւ  կատարուած  հայցազրոյցը, որ լոյս տեսած է «Ռատիօ Վատիկան»ի  հայկական ծառայութեան կայքին մէջ։

 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս.  Սարոեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Վատիկան, ուր մասնակցեցաւ ու զեկոյց ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ լիագումար ժողովին առիթով

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ`  Գերաշ. Գէորգ Եպս. Սարոեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի հրաւէրով այս օրերուն կը գտնուի Հռոմ` Վատիկան, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ լիագումար ժողովին զեկոյց ներկայացնելով Արցախահայութիւնը յուզող խնդիրներու մասին։ 

«Ռատիովատիկան»ի Հայկական բաժանմունքը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հոգեւորականին հետ, որ անդրադարձաւ իր ելոյթի ու այլ նիւթերու հայող հարցերուն։ 

Անոր գնահատումով «քանի դեռ արցախցիները խնդիր ունին մենք պէտք է աշխատինք» եւ «մեր երազը իղձն ու հաւատքը այն է` որ անոնք վերադառնան իրենց հայրենի հող, յարգուին անոնց իրաւունքները եւ միջազգային  հանրութիւնը հասկնայ, որ պատահածը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է, 1915 թուականի ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է»։ 

«Տեղի ունեցած իրադարձութեան պէտք է տրուի քաղաքական գնահատական  եւ քայլեր ձեռնարկուին որպէսզի արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանուած ըլլան սեփական հողին վրայ», հաստատեց հարցազրոյցի ժամանակ ի միջի ալոց Սրբազանը դրական նկատելով  հարցի նկատմամբ Վատիկանի մօտեցումը որ կարող է մտածել տալ` որ «Արցախի հայ քրիստոնեաները միայնակ չեն եւ կաթողիկէ եկեղեցին կը կիսէ անոնց ցաւը»։

Սրբազան Սարոյան անդրադարձաւ նաեւ Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան ութերորդ տարեդարձին զայն որակելով պատմական ու ընդգծելով Ֆրանչիսկոս Պապին հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութեան կարեւորութիւնը։ 

 Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս Սարոյեան կարեւոր նկատեց որ հանրութիւնը, բարեկամ Պետութիւնները ու նաեւ Եկեղեցին հաստատէ որ «Արցախի քրիստոնեաներուն դէմ տեղի ունեցածը էթնիկ զտում է»։