image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի քաղաքական վերնախաւի կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններ չկան. Արցախի ՊՆ

Արցախի քաղաքական վերնախաւի կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններ չկան. Արցախի ՊՆ

Հայկական ելեկտրոնային լրատուամիջոցներով տեղեկութիւն տարածուած էր այն մասին, թէ Արցախի պատերազմէն ետք երկար ժամանակ Ատրպէյճանի զինուորականները Կարմիր Շուկայ կոչուող համայնքով անցնող ճանապարհով ազատօրէն գացած են Շուշի քաղաք:

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ Միքայէլ Արզումանեան, տեղի հայ քաղաքացիներու անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով, այդ ճանապարհին անցակէտեր դրած է որպէսզի հայ զինուորականները ստուգեն անցնող բոլոր ատրպէյճանցիները:

Ըստ տարածուող տեղեկութիւններուն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դժգոհած են Արզումանեանի այս քայլէն եւ Իլհամ Ալիեւի բանագնացը Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման ընթացքին պահանջած է պաշտօնանկ ընել Միքայէլ Արզումանեանը, եւ Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը, ռուս խաղաղապահներու հրամանատար զօրավար՝ Մուրատովը եւ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը հանդիպած են ՊԲ հրամանատար՝ Միքայէլ Արզումանեանին հետ եւ պահանջած Կարմիր Շուկայի ճանապարհէն հանել հայկական զինուած ուժերու զինծառայողները, որպէսզի ճանապարհը յանձնուի ատրպէյճանցի զինուորականներուն:

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է թէ լրատուամիջոցներով տարածուող այս լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան:

«Յորդորում ենք զերծ մնալ Արցախի ռազմաքաղաքական իշխանութիւնների միջեւ գոյութիւն չունեցող տարաձայնութիւնների մասին կեղծ լուրեր հրապարակելուց»,– ըսուած է Արցախի ՊՆ յայտարարութեան մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Լուսինէ Աւանէսեան նոյնպէս անդրադարձած էր թեմային՝ ըսելով, որ Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ բնակավայրով անցնող ճանապարհէն հայկական զինուած ուժերը իբր հանելու եւ այդ ճանապարհահատուածը ատրպէյճանցիներուն յանձնելու վերաբերեալ շրջանառուող  լուրերը ապատեղեկատւութիւն են: