image

Թրամփ կը ցանկայ Իրանի ամբողջ վերնախաւին հեռացումը

Թրամփ կը ցանկայ Իրանի ամբողջ վերնախաւին հեռացումը

 

Միացեալ Նահանգները կ՚ուզէ Իրանի ղեկավարութեան ամբողջական հեռացումը, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ աւելցնելով, որ իրենք լաւ առաջնորդի դերի համար քանի մը թեկնածու ունին։ 

«Մենք կ՚ուզենք գալ եւ ամէն ինչ մաքրել։ Մենք կ՚ուզենք, որ անոնք լաւ առաջնորդ ունենան։ Մենք քանի մը հոգի ունինք, որոնք, իմ կարծիքով, լաւ պիտի կատարեն այդ գործը»,– ըսած է Թրամփ NBC News հեռուստաընկերութեան տուած հեռաձայնային հարցազրոյցի ընթացքին։

Թրամփ մերժած է յստակ կերպով նշել թեկնածուներէն որեւէ մէկուն անունը։