Ֆրանսական «Լա Գռուա» օրաթերթը իր առաջին էջին հրատարակած է արցախեան ողբերգութեան տարելիցին նուիրուած մեծ լուսանկար մը։Այս մասին կը տեղեկանանք «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։
Ֆրանսական «Լա Գռուա» օրաթերթը Սեպտեմբեր 27-ի իր թիւին գրեթէ ամբողջ առաջին էջը յատկացուցած է Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին, «Լեռնային Ղարաբաղ. անկարելի մոռացումը» խորագրով։
Թերթը յաջորդական երկու էջերն ալ յատկացուցած է արցախեան թղթածրարին։