image

Արցախի մէջ որոնումներու շնորհիւ 10 մարդ յայտնաբերուած է

Արցախի մէջ որոնումներու շնորհիւ 10 մարդ յայտնաբերուած է

Սեպտեմբեր 25-ին Արցախի տարբեր ուղղութիւններով իրականացուած որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ տարհանուած է 8 աճիւն եւ 10 քաղաքացի։

Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտնած է, որ Ասկերանի շրջանի Շոշ գիւղի տարածքէն տարհանուած է զոհուած մէկ զինծառայողի աճիւն եւ մէկ քաղաքացի, իսկ Կարմիր գիւղէն՝ մէկ տարեց կին։

2 աճիւն եւ մէկ քաղաքացիական անձ յայտնաբերուած է Մարտակերտի շրջանի Քիչան գիւղի տարածքէն, եւս մէկ քաղաքացի`Վանք գիւղէն։

Մէկ քաղաքացի յայտնաբերուած ու տեղափոխուած է Ստեփանակերտ քաղաքի Քրքժան թաղամասէն։

Ատրպէյճանական կողմը հայկական կողմին անվնաս վիճակի մէջ փոխանցած է 5 քաղաքացի եւ 5 աճիւն։

Ողջ մնացած քաղաքացիներու առողջական վիճակը բաւարար է։