image

Արցախի մէջ. Սովամահութեան դէպք գրանցուած է

 Արցախի մէջ. Սովամահութեան դէպք գրանցուած է

Արցախի մէջ սովամահութեան դէպք գրանցուած է։

 Այս մասին լուրը յայտնած է Արցախի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանեան։

 Ստեփանեան նաեւ նշած է, իր սովամահ եղած տղամարդը  30 տարեկան է եւ անոր մարմինը ենթարկուած է զննման, որմէ ետք ի յայտ եկած է, որ սովամահութիւնը վրայ հասած է թերսնուածութեան հետեւանքով։

 

 Ստեփանեան, որ հանգամանալից կերպով անդրադարձած է եղածին յիշեցուցած է, որ այսօրուան կտրուածքով աւելի քան 8 ամիսներէ ի վեր պաշարուած Արցախցիք ամէնօրեայ կերպով կը պայքարին նախնական սնունդ ապահովելու համար, մինչ թերսնուածութեան իրավիճակը կրնայ շատերուն հասցընել այսօր սովամահ եղած երիտասարդի ճակատագրին։