Արցախի մէջ սովամահութեան դէպք գրանցուած է։
Այս մասին լուրը յայտնած է Արցախի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանեան։
Ստեփանեան նաեւ նշած է, իր սովամահ եղած տղամարդը 30 տարեկան է եւ անոր մարմինը ենթարկուած է զննման, որմէ ետք ի յայտ եկած է, որ սովամահութիւնը վրայ հասած է թերսնուածութեան հետեւանքով։
Ստեփանեան, որ հանգամանալից կերպով անդրադարձած է եղածին յիշեցուցած է, որ այսօրուան կտրուածքով աւելի քան 8 ամիսներէ ի վեր պաշարուած Արցախցիք ամէնօրեայ կերպով կը պայքարին նախնական սնունդ ապահովելու համար, մինչ թերսնուածութեան իրավիճակը կրնայ շատերուն հասցընել այսօր սովամահ եղած երիտասարդի ճակատագրին։