Առաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ ջերմաստիճանը պիտի նուազի եւս 4-6 աստիճանով։ Բարձրադիր գօտիներուն մէջ կը սպասուին թոյլ տեղումներ։ Այս մասին յայտնած են ԱՀ Ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնէն:
Ճանապարհները հիմնականին անցանելի են։ Ստեփանակերտ-Ննգի միջշրջանային մայրուղիի Բովուրխանի ոլորաններուն տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց, որոշ հատուածներ` մառախուղ։
ՆԳ նախարարութիւնը խորհուրդ կու տայ երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անուադողերով եւ պահպանել երթեւեկութեան անվտանգութեան կանոնները։